Երազի եւ նախատեսութեան հանդիպման կէտին վրայ մեր փոքրիկ ածուն

 

Եթէ փոքրիկ մոլորակի վրայ բուռ մը տարածքներ զէնքով կը գրաւուին շահախնդրութեան եւ փառասիրութեան համար, մարդկային միտքը կը շարունակէ անսահմանութիւն նուաճելու իր արշաւը: Յիշել աստուածաշնչական խօսքը՝ որ Աստուած մարդը ստեղծեց ըստ իր պատկերին: Մեծ գիտնականը այդ պատկերը կը բերէ:

Գիտութիւնը մարդուն երազն է իրականութեան գիծին վրայ: Անգլիացի հռչակաւոր գիտնականը, Սթէֆըն Հովքինկ, կը նախատեսէ, որ 100 տարի ետք, Հրատ մոլորակին վրայ (Planète Mars) մարդիկ բնակութիւն պիտի հաստատեն:

Արդէն 202586 կամաւորներ դիմում ըրած են Հրատ մոլորակը գաղութացնելու, հոն բնակութիւն հաստատելու, գիտնալով որ այդ ճամբորդութիւնը անվերադարձ պիտի ըլլայ: Ընտրուած են 100 անձեր, այր եւ կին:

Գիտնականի մը երազանման նախատեսութիւնը եւ 202586 մարդոց երազի հաւատալու յանդգնութիւնը յառաջդիմութեան հզօր ազդակներ են:

Կարեւոր հարց մը կայ. Հրատի ապագայ բնակիչներուն ըսուա՞ծ է, որ հոն ալ պիտի շարունակուի՞ն շահագործումները, չարաշահումները, ստրկացումները, թէ՞ ոչ, հոն ալ պիտի փոխադրուի՞ «դրամի միջազգային կայսերապաշտութիւնը», ըլլալու համար «տիեզերական կայսերապաշտութիւն»:

Սթեֆըն Հովքինկ պատահական անձ մը չէ, մեծ գիտնական է, աստղագէտ եւ բնագէտ (astrophysicien), հանրածանօթ դարձած է տիեզերքի «սեւ խոռոչներ»ու մասին իր ուսումնասիրութիւններով: Շատ երիտասարդ տարիքին մկանային ծանր հիւան-դութիւն մը կը հարուածէ զինք, բժիշկները կ’ըսեն թէ քանի մը տարի միայն կրնայ ապ-րիլ: Ան շարունակած է իր գիտական աշխատանքները: Ծնած էր 1942-ին եւ դեռ կ’ապրի:

Գիտնականի հիմնաւորուած երեւակայութեամբ, ան կ’ըսէ, որ տիեզերքի «սեւ խոռոչ մը դէպի այլ տիեզերք դուռ մըն է»: Այսինքն մեր գիտցած եւ երեւակայած տիեզերքը կը բազմապատկուի անսահման պատիկներով:

Մեր տիեզերքէն դէպի այլ տիեզերք բացուող դուռ…

Երթալ Հրատ մոլորակ եւ հոն մարդկութեան շարունակութիւն ստեղծել …

ԺԷ դարու ֆրանսացի իմաստասէրը, Պլէզ Փասքալ, կ’ըսէր, որ «տիեզերքը զիս կը ճզմէ, բայց չի գիտեր, իսկ ես կը հասկնամ»: Այս բազմապատիկ տիեզերքները մեզի կը ներշնչե՞ն մեր սահմանափակման գիտակցութիւնը, մեր զանազան սէրերուն հիւլէացումը:

Եթէ փոքրիկ մոլորակի վրայ բուռ մը տարածքներ զէնքով կը գրաւուին շահախնդրութեան եւ փառասիրութեան համար, մարդկային միտքը կը շարունակէ անսահմանութիւն նուաճելու իր արշաւը: Յիշել աստուածաշնչական խօսքը՝ որ Աստուած մարդը ստեղծեց ըստ իր պատկերին:

Մեծ գիտնականը այդ պատկերը կը բերէ:

Իսկ կրնա՞յ ժամանակակից մարդուն բերել անմիջականէն անջատուող իմաստութիւն, ընկերային եւ քաղաքական իր իսկ ստեղծած խանգարումները դիտելու, հասկնալու եւ գերանցելու իմաստութիւն: ԺԶ դարու ֆրանսացի գիտնական եւ գրող Ֆրանսուա Ռապըլէ կ’ըսէր, թէ «գիտութիւնը առանց գիտակցութեան հոգիի աւերակ է»: Այսօր ի՞նչ է մեր յարաբերութիւնը գիտութեան հետ: Աւելցնենք. ի՞նչ են մեր յարաբերութիւնները մեր փառասիրութիւններուն եւ կուտակած հարստութիւններուն հետ:

Եթէ շահագործողները, փառասէրները, տիրակալները, իրաւազրկողները լսէին Ֆրանսուա Ռապըլէն եւ տեսնէին Սթեֆըն Հովքինկի բացած «նոր տիեզերքներու» դռներէն անդին շարունակուելու կոչուած մարդուն առաքելութիւնը եւ շարունակուելու կարողականութիւնը, մեր մանրուք, անհատապաշտական եւ նիւթապաշտական նեղլիկ սահմաններէն անդին երթալու… կ’իմաստաւորէր կեանքը: Եւ տեսութիւններէն, վարդապետութիւններէն, կրօններէն անդին, մարդիկ այլ իրաւութեամբ կ’ըսէին, Ի դարու իմաստասէր Ռընէ լը Սէնի պէս, որ «ուրիշի իրաւունքը իմ պարտականութիւնս է»: Այն ատեն չէինք սողար, չէին պարտադրեր որ ուրիշներ սողան:

Հրատի վրայ մարդկութիւն շարունակելու առաքելութեան հաւատացողները քաղաքական ճառերու դատարկաբանութեամբ չեն ապրիր: Անոնք Հրատ մոլորակի վրայ մարդու շարունակութիւն ապահովելու գիտակցութիւն եւ յանձնառութիւն ունեցող 202586 մարդիկն են: Անոնք գերին չեն դրամատան մէջ պահ դրուած իրենց միլիոններուն եւ միլեառներուն, որոնք արեւի տեսքէ զրկուած սոսկ թուանշաններ են, մոլորակի վրայ կեանքի սկզբնաւորութեան եւ յառաջացման բաղդատած: Օր մը ուրիշներ պիտի ըսեն տիեզերքի մէջ կեանքի շարունակութիւն:

Այս ապագայի տեսիլքէն զրկուած են աշխատանքի եւ պատերազմներու բեռան տքացող զանգուածները: Այսինքն, աշխարհի այսօր եօթը միլեառ մարդիկ զրկուած են Հրատ մեկնելու երազէն, որ վաղուան իրաւութիւնն է, տեղեակ չեն 202586 մարդոց երազէն:

Այս գլխապտոյտ պատճառող մտորումներու ընթացքին, անհունօրէն մեծէն յանկարծ շրջադարձ ունեցայ դէպի փոքրը:

Մեր փոքրիկ ազգը իր ինքնուրոյնութիւնը ապրելու ունակութիւնը եւ երազը կորսնցուցած է, խուճապի մատնուած է, կ’արտագաղթէ ինքնամոռացութեան համար, հայրենադարձութիւնը իր արժէքներու տախտակին վրայ չէ:

Հայը անկարող դարձած է ոչ միայն Հրատ երթալու, այլ նոյնիսկ իր արմատներու աշխարհը վերագտնելու: Կ’երթայ Քոթ տ’Ազիւր, Ֆլորիտա, Հոնոլիւլիւ, Փունթա տէլ Էսթէ…

Հրատի բնակիչներուն ոչ ոք պիտի ըսէ հիւր կամ ծառայ: Իսկ սեփական հայրենիքէ դուրս, Վիգէն Խեչումեանի դարագլուխ բացող բառերով մեզ կը կոչեն «հիւր որպէսզի չասեն ծառայ»…

Հrատ չենք երթար, հայրենիք կը փոխենք, ինչպէս մեր շապիկները… Հետաքրքրական պիտի ըլլար գիտնալ, որ Հրատ մեկնելու թեկնածու 202586 կամաւորներուն մէջ հայեր ալ կա՞ն, քանի որ բան չնշանակող աւանդական հպարտութեան վերածուած է ըսել՝ «ամէն տեղ հայ կայ»…

Ո՞ւր են մեր Մահաթմա Կանտին, զօրավար տը Կոլը, կամ «սուլթանի դէմ» գացող Քրիստափորը, որոնց խօսքին անսան, որոնց ետեւէն քալեն զանգուածները, եթէ հայ զանգուած բացատրութիւնը դեռ իմաստ մը ունի:

 Յ. Պալեան

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.