Քեմալ Եալչընի նոր վէպը՝ «Վերապրողները»
Օրերս լոյս տեսած այս վէպը կը պարտինք Գէորգ Մելիտինեցի մատենաշարի մէկ բարեբաստիկ որոշումին:
Քեմալ Եալչըն՝ գերմանաբանակ թուրք այլախոհը, այլեւս հանրածանօթ անուն մըն է ժամանակակից հայուն՝ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, շնորհիւ իր զանազան աշխատութեանց` վէպերուն, յօդուածներուն, մամլոյ ասուլիսներուն եւ այլ կարգի հայանպաստ ելոյթներուն ու կողմնորոշումներուն: Ան կը պատկանի փաղանգին այն ազնիւ թուրքերուն, որոնք Հայոց եղեռնը կ’անուանեն իր իսկական անունով, կը ձաղկեն անոր հեղինակները, հրապարակաւ ներողութիւն կը խնդրեն վերապրող հայութենէն եւ չեն վարանիր յայտարարելու. «Ձեր ցաւերը մե՛ր ալ ցաւերն են…»:
Սոյն «Վերապրողները» վէպով հեղինակը խոր անկեղծութեամբ եւ անթաքոյց հարազատութեամբ լուսարձակի տակ կ’առնէ յետեղեռնեան տարիներուն գաւառներու մէջ մնացած հայերուն հանդէպ ցուցաբերուած վերաբերումը «արդի թուրք»-ին կողմէ, որուն էութեան դաժանութիւնն ու հոգիին չարութիւնը կը յաջողին իսկական դժոխքի մը վերածել կեանքը բոլոր փոքրամասնութեանց ու մասնաւորաբար հայ խլեակներուն:
Եւ փշաքաղիչ դիպաշարերու, դիպուկ դրուագներու, թելադրական մանրամասնութեանց հետեւողական շարքերով եւ գործող անձերու իսկ անհամար վկայութիւններով կը պատկերէ «եաթաղանի աւելցուկներու» կեանքը, որ եղած է զրկանքներու, արհամարհանքի, նուաստութեան, ցաւի ու տառապանքի անհատնում շղթայ մը, որ գաւառաբնակ վերջին հայերն ալ մղած է ի վերջոյ լքելու իրենց պատմական ու պապենական տուներն ու կալուածները, կամ ինչ որ կը մնար այդ բոլորէն, ու հաստատուելու յարաբերաբար աւելի ապահով Պոլսոյ մէջ կամ ընդմիշտ հեռանալու յետօսմանեան Թուրքիայէն:
Այս մռայլ խորապատկերին վրայ սակայն ահա վարանոտ ու տարտամ քայլերով երեւան կու գայ «միւս թուրքը» եւս, այն որ իր առօրեան, տեղին համեմատ իր ունեցածն ալ՝ ուրախութիւնն ու ցաւը կը բաժնէ հայուն հետ, կը ճանչնայ անոր մարդկային իրաւունքները ու կը յարգէ անոր լեզուն, կրօնքը, համոզումներն ու արժանապատւութիւնը, ընդհուպ կ’եղբայրանայ անոր հետ: Այսպիսիներուն շնորհիւ ալ կարելի կ’ըլլայ ակնկալել, որ հեռաւոր օր մը բան մը պիտի փոխուի Թուրքիոյ մէջ:
Հեղինակին յանդուգն ու ազնիւ պատգամը իր հայրենակիցներուն ու աշխարհին այն է, որ փոքրամասնութիւններու, յատկապէս հայերու ոչնչացումը մեծ չարիք մը եղաւ Թուրքիոյ եւ թուրք ժողովուրդին համար: Եւ ան կը մաղթէ Թուրքիա մը, ուր մշակութային, կրօնական եւ լեզուական տարբերութիւնները պիտի հանդուրժուին ու յարգուին բոլորէն:
Վէպը մշակուած է գրողական շատ բարձր տաղանդով:
Թարգմանութիւնը կատարուած է վարժ ու սահուն հայերէնով:
Ըստ ամենայնի հաճելի ու թելադրական աշխատութիւն մը, որուն ընթերցումը,– եւ տարածումը,– յանձնարարուած է բոլոր տարիքներու հայ գրասէրներու անխտիր:
Արմենակ Եղիայեան