Թարգմանչաց տօնը եւ խորհուրդը


ԿՈՐԻՒՆ  ԱՐՔ.  ՊԱՊԵԱՆ

Տարուան ընթացքին երկու գլխաւոր առիթներով է, որ կ՛ոգեկոչուի անմեռ յիշատակը այն խումբ մը աստուածարեալ ու հայրենապաշտ հոգիներուն, որոնք մեր աստուածատուր տառերուն հնարիչներն ու Աստուածաշունչի թարգմանութեան երախտաւոր հեղինակները հանդիսացան: Նախ` յուլիսին, որ բաղդատաբար լուռ կ՛անցնի, եւ ապա` հոկտեմբերին, որ զուգադիպելով դպրոցական վերամուտին` կը վերածուի հայ գրին եւ գրականութեան, մշակոյթին եւ պատմութեան, հայ դպրոցին ու դպրութեան ձօնուած համազգային տօնի մը:

Մեր նպատակն է այստեղ առաջին հերթին հոգիի ու մտքի աչքերով փոխադրուիլ հայոց պատմութեան չորրորդ դարը, քաղաքական ու կրօնական իրադարձութեանց տագնապալից շրջանը, որուն շրջագծին մէջ է, որ միայն կարելի է լաւագոյնս ըմբռնել սահականուն եռամեծար հայրապետին եւ Հացեկացի հանճարեղ զաւակին` Սուրբ Մեսրոպի մեզի կտակած գործին մեծութիւնն ու շքեղութիւնը:

301 թուին հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ աննախընթաց երեւոյթ մը, անկիւնադարձ ստեղծող փոփոխութիւն մը տեղի ունեցած էր: Արդարեւ, պատմութեան մէջ առաջին անգամ Տրդատ թագաւոր եւ Գրիգոր Լուսաւորիչ հիմերն էին դրած աշխարհի առաջին քրիստոնեայ պետութեան, Հայաստանի մէջ: Այնուհետեւ Լուսաւորչի սերունդէն Մեծն Ներսէս հայրապետ,  շարունակելով Հայաստանի մէջ սկսուած լուսաւորութեան մեծ գործը, տարաւ կազմակերպչական հսկայական աշխատանք: Բարեսիրական եւ մարդասիրական հաստատութիւններ հիմնելով ամէն տեղ` խորացուց քրիստոնէական կեանքի սկզբունքները մարդոց ամէնօրեայ կենցաղին մէջ: Ուստի, չորրորդ դարուն Հայաստան արդէն իսկ կը ճանչցուէր որպէս քրիստոնեայ պետութիւն մը: Սակայն քրիստոնէութեան ամբողջական ոգին ու բարձր գաղափարաբանութիւնը տակաւին շատ հեռու էին ժողովուրդի զանգուածին սեփականութիւն ըլլալէ եւ անոր ամէնօրեայ ապրելակերպին մաս կազմելէ: Ասոր գլխաւոր պատճառը հետեւեալն էր.

Հին Կտակարանն ու աւետարանները, Առաքելական թուղթերն ու Յայտնութիւնը հայ ժողովուրդին կը խօսէին իրեն անծանօթ, խորթ ու անհարազատ լեզուներով: Այլ խօսքով,  Աստուածաշունչը կը կարդացուէր յունարէն կամ ասորերէն լեզուներով, որովհետեւ տակաւին գոյութիւն չունէին հայերէն տառեր, հայոց լեզուն գրաւոր ձեւով արտայայտելու միջոցներ:

Փաւստոս Բիւզանդ, խօսելով եկեղեցական արարողութեանց ժողովուրդին զանգուածին վրայ ունեցած ազդեցութեան մասին, հետեւեալ ձեւով կը նկարագրէ եկեղեցւոյ մէջ տիրող ցաւալի կացութիւնը. «Եթէ վարդապետները նստելով գիշեր ցերեկ, ամպերու նման ուսումը` ինչպէս յորդ անձրեւ հոսեցնէին անոնց վրայ, անոնցմէ ոչ ոք ոչ մէկ խօսք, ոչ կէս խօսք, ոչ մէկ բառ, ոչ իսկ նշոյլ մը իր  լսածներէն կրնար միտքը պահել կամ հասկնալ» (Փաւստոս, III, Ժ.):

Կրօնական այս տագնապին վրայ պէտք է աւելցնել նաեւ երկրին օրուան քաղաքական ծանր վիճակը: 387 թուականէն ի վեր Հայաստան աշխարհի հողը սրտի մը պէս երկուքի էր ճեղքուած դրացի երկու հզօր կայսրութեանց միջեւ: Մինչ Արեւելեան Հայաստանի վրայ պարսից արքայից արքային լուծը օր ըստ օրէ կը ծանրանար, անդին` Արեւմտեան Հայաստանի մէջ Բիւզանդական կայսրութեան մեծ ձուլարանին մէջ ազգութիւն ու եկեղեցի, կտրուած հոգեւոր կեդրոնէն, կ՛ապրէին ամէն օր այլասերումի եւ ուծացման սպառնալիքին տակ: Այդ օրերուն, Պարսկահայաստանի մէջ ազգին քաղաքական եւ կրօնական բարձրագոյն պաշտօններուն վրայ կը գտնուէին քաղաքագէտ եւ ձեռնհաս   երկու վարիչներ` Արշակունեաց տոհմէն    Վռամշապուհ լուսամիտ արքան, Լուսաւորչի սերունդէն իմաստուն եւ գիտուն Սահակ կաթողիկոսը, որոնք պետութեան եւ եկեղեցւոյ հողմածեծ նաւը աշխարհակործան յորձանքներուն ընդմէջէն մեծ խոհեմութեամբ եւ իմաստութեամբ կը փորձէին առաջնորդել դէպի խաղաղ նաւահանգիստ:

Ահա պատմութեան այս տագնապալից  եւ   բախտորոշ ժամանակաշրջանին էր, որ հայ  կեանքի տխուր երկնակամարին վրայ շողաց պայծառ աստղը Մեսրոպ վարդապետին: Տակաւին շատ կանուխէն` որպէս Աւետարանի քարոզիչ եւ աստուածային անմահ Բանին սպասարկու, ան զգացեր էր անթափանցելի պատուարը, անանցանելի պատնէշը իր քարոզած ճշմարտութեանց եւ իր ժողովուրդին միջեւ: Ան խորապէս զգալով կարիքը հայոց լեզուով հայութեան խօսող Աստուծոյ պատգամներուն, համոզումը գոյացուցեր էր, թէ Աստուածաշունչը պէտք էր թարգմանել հայերէնի:

Այդ մտահոգութիւններով բեռնաւոր եկաւ Մեսրոպ խորհրդակցելու օրուան իմաստուն  հայրապետին հետ ու ստանալով ամէն  նիւթական ու բարոյական աջակցութիւն  Վռամշապուհ արքայէն, ինկաւ ճամբայ`   ուսման ու գիտութեան օտար կեդրոններու մէջ գտնելու լուծումը իր ազգին մեծ տագնապին: Երկար թափառումներէ ետք, անքուն գիշերներու, տքնաջան աշխատանքի եւ հոգեխռով աղօթքի որպէս արդիւնք` ի վերջոյ ան աստուածային օգնութեամբ հնարեց, հայոց լեզուին ստեղնաշարը:

Մեսրոպ Մաշտոցի աշակերտ ու վարքագիր Կորիւն վարդապետ Սքանչելի, նմանցնելով  անոր վերադարձը Մովսէս մարգարէին Սինա լեռնէն էջքին, կ՛ըսէ, թէ Մեսրոպի մուտքը   Հայաստան աւելի շքեղ էր եւ ուրախառիթ, քան`    Մովսէսին  վերադարձը` իր ժողովուրդին:  Մովսէս Աստուծոյ հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք, երբ կ՛իջնէր լեռնէն, զինք ու զԱստուած ուրացած եւ ոսկի կուռքեր պաշտող ժողովուրդ մըն էր գտած, մինչդեռ Մեսրոպ վարդապետը դիմաւորելու եկած էին` Վռամշապուհ արքան, Սահակ կաթողիկոս, իշխաններն ու եպիսկոպոսները,  եկեղեցականներն ու շինականները, մէկ բառով` ամբողջ ժողովուրդը հայոց:

Այնուհետեւ Սահակ կաթողիկոս ու Մեսրոպ վարդապետ, իրենց աշակերտներուն գործակցութեամբ, լծուեցան Սուրբ Գիրքի   թարգմանութեան, ու շատ չանցած` ամբողջ Աստուածաշունչը թարգմանուեցաւ հայերէնի: Սուրբ Գիրքի թարգմանութեամբ, կը վկայէ Կորիւն, մարգարէներն ու առաքեալները, Քրիստոս ու Աստուած դարձան հայերէնախօս: Արդարեւ, եթէ չորրորդ դարու սկզբնաւորութեան Հայաստան քրիստոնէացաւ անուանապէս, միայն հինգերորդ դարու սկիզբին էր, որ քրիստոնէութիւնը հայացաւ Հայաստանի մէջ եւ Հայաստանեայց եկեղեցին զգեցաւ հայադրոշմ ու ազգային նկարագիր:

Աստուածաշունչի թարգմանութեան գործէն ետք Սահակի եւ Մեսրոպի աշակերտները ղրկուեցան արտասահման` ասորական եւ յունական մշակոյթի կեդրոններ` մեծ ոստաններու լոյսն  ու   իմաստութիւնը բերելու Հայաստան աշխարհ:  Անոնք թարգմանեցին ժամանակի ամբողջ    սրբազան գրականութիւնը եւ ինչ որ կարելի   չէր տեղւոյն վրայ թարգմանել, բերին իրենց   հետ` յանձնելու Սահակ հայրապետին:

Այնուհետեւ ամէնուրեք կառուցուեցան դպրոցներ, ուսման եւ կրթութեան օճախներ, ուր հայ մանուկը սկսաւ սորվիլ մեսրոպեան քաղցրաբարբառ լեզուն ու պաշտել իր հայրերուն Աստուածը մայրենի լեզուով: Թարգմանական գրականութեան յաջորդեց ինքնագիր ստեղծագործական գրականութիւնը. հիմնուեցան հայ վանքեր, որոնք դարձան լուսոյ փարոսներ, ուր ոչ միայն միջազգային եկեղեցական ու աստուածաբանական գրականութիւնը թարգմանուեցաւ հայերէնի, այլ կորիւններ, եզնիկ կողբացիներ, փարպեցիներ, մովսէս խորենացիներ ու դաւիթ անյաղթներ ճոխացուցին, հարստացուցին Հայաստանեայց եկեղեցւոյ հոգեւոր ու մշակութային գանձարանը` աստուածային գիտութիւններով եւ հոգեւոր իմաստութեամբ: Երգեցին անցեալի շքեղ փառքը Հայաստանի եւ արձանագրեցին փառաւոր նուաճումները իրագործուած  իրենց  ժամանակներուն մէջ: Անոնք հինգերորդ դարուն  կերտեցին հայ լեզուին եւ գրականութեան  ՈՍԿԵԴԱՐԸ: Իրենց ստեղծագործութիւնները մինչեւ այսօր փառքն ու պարծանքը կը կազմեն ոչ միայն մեր մատենագրութեան գանձարանին, այլ կը նկատուին գոհարները միջազգային հոգեւոր գրականութեան:

Գրական ու մշակութային այս աննախընթաց շարժումը, սկիզբ առած Հայաստանի մէջ, արձագանգ գտաւ նաեւ դրացի կովկասեան երկիրներուն մէջ: Այսպէս, շնորհիւ Մեսրոպ Մաշտոցի` վրաց եւ աղուանից եկեղեցիներն ալ ունեցան իրենց յատուկ ազգային գրերն ու գրականութիւնը:

Հինգերորդ դարու` ոսկեդարու ոգին, որով զսպանակուած էին մեր թարգմանիչ հայրերը, նաեւ մղիչ ուժ հանդիսացաւ հետագայի սերունդներուն: Անոնց գործին վաստակաւոր շարունակողները եղան անանիա շիրակացիներ, յովհաննէս պատմաբաններ, ներսէս շնորհալիներ, նարեկացիներ, որոտնեցիներ ու տաթեւացիներ, որոնք պահեցին ու զարգացուցին մեր լեզուն ու մշակոյթը` նոր թափ ու թռիչք տալով հայ ստեղծագործող հանճարին: Առաջին թարգմանիչներու տեսիլքով առինքնուած մեր Եկեղեցւոյ երախտարժան հայրերը` քերթողներն ու սրբազան շարականագիրները, փիլիսոփաներն ու պատմագիրները, աստուածաբաններն ու բանաստեղծները, գրիչներն ու ծաղկողները վանքերուն` տագնապեցան մեր ժողովուրդին վիշտերով, հրճուեցան անոր արձանագրած նուաճումներով: Անոնք նաեւ արտայայտիչը հանդիսացան հայութեան ազնուագոյն ձգտումներուն ու երազներուն. զոհաբերելով իրենք զիրենք Աստուծոյ եւ ազգին ծառայութեան` անոնք յաջողեցան յաւերժացնել ազգ ու հայրենիք, կրօն ու մշակոյթ եւ իրենք ալ անմահացան իրենց գործին հետ:

Հայրենական օճախներէ հեռու, օտար երկինքներու տակ ապրող Հայաստանեայց եկեղեցւոյ զաւակներս աւելի քան երբեք ա՛յս օրերուն կը գիտակցինք մեծութեան եւ կարեւորութեան մեր թարգմանիչ հայրերուն մեզի կտակած աւանդին: Կը գիտակցինք, թէ գահ ու մական, բերդ ու պալատ, հարստութիւն ու պերճանք անցեալի ոչնչացան, մեր հայրերու մեզի կտակած մշակոյթն ու դպրութիւնը, արուեստի գործերն ու սրբազան կոթողները անմահացան:

Հինգերորդ դարուն Սահակ հայրապետ, Վռամշապուհ արքայ, Մեսրոպ վարդապետ ու թարգմանչաց լուսապսակ յոյլը զինու զօրութեամբ չէր, որ պաշտպան կանգնեցան   հայութեան, այլ դառնալով  անմահ Բանին  սպասարկուներ, ապաւինելով Աստուծոյ եւ հայ դպրութեան,  ազգային գաղափարախօսութեամբ առաջնորդուած, յաղթահարեցին իրենց վրայ ծանրացող լեռնակուտակ դժուարութեանց: Հայ գիրին յօրինումով եւ Աստուածաշունչին թարգմանութեամբ կառուցեցին հայ հոգւոյն եւ մարմնոյն անառիկ բերդերը,  մեր հաւատքին ու  հայութեան  պաշտպանութեան գոյատեւման անխորտակելի ամրոցները:

Վա՜յ մեզի,  եթէ  մեր զաւակները կրօնական-հայեցի դաստիարակութենէ զրկելով խզենք   անոնց կապը մեր թարգմանիչ հայրերուն  մեզի կտակած հոգեկան ու մշակութային ժառանգութենէն:

Յաւե՜րժ փառք ու պատիւ մեր թարգմանիչ վարդապետներուն:

Մեր սրբազան պարտականութիւնն  է նաեւ  այսօր քալել անոնց հաւատքի եւ գործի ուղիով:

 

* Այս տարի Թարգմանչաց տօնը մեր եկեղեցւոյ մէջ կը նշուի 10 հոկտեմբերին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.