«Արևմտահայութեան թուաքանակի հարցը 1878-1914 թուականներին». նոր հրատարակութիւն


Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան–ինստիտուտի կողմէ նոր հրապարակուած հրատարակութիւններէն է «Արևմտահայութեան թուաքանակի հարցը 1878-1914 թուականներին» գիրքը, որուն հեղինակն է  Ռոպերթ Թաթոյեանը։ Թրքական ժամանակակից պատմագրութիւնը և իշխանութիւնները կը ժխտեն Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հիմնուելով Օսմանեան վիճակագրութեանց վրայ օսմանահպատակ հայերու թիւը կը գնահատեն 1 300 000 անձով:

«Փորձել եմ վերլուծել այդ ժամանակ հրապարակի վրայ եղած երկու կարևորագոյն մարմիների տուեալները՝ Օսմանեան կայսրութեան և Կոստանդնուպոլսի հայոց պատրիարքարանի ունեցած տուեալներով, որոնք միայն իրաւունք ունէին  հաշուարկներ անցկացնել», կը յայտնէ Թաթոյեան:

Հեղինակը կը նշէ նաեւ, որ գրքին երեք գլուխներուն մէջ ինք կը հաստատէ, որ մինչ հայկական հարցը 2 400 000 հայ եղած է Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ, իսկ երբ հայկական հարցը դրուած է օրակարգի վրայ, երկու անգամ նուազեցուցած են օսմանահպատակ հայերու թուաքանակը: 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.