Արթուր Ալեքսանեան` Աշխարհի Ախոյեան


Arthur1_9-08-15

Arthur2_9-08-15Լաս Վեկասի մէջ ընթացող` յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի մրցումներուն, Արթուր Ալեքսանեան երէկ նուաճեց աշխարհի ախոյեանի կոչումը: Հայ մարզիկը աւարտականին յաղթեց Իրանը ներկայացնող Ղազեմ Ղոլամռեզա Ռեզային:

Արթուր Ալեքսանեան երկրորդ անգամ անընդմէջ նուաճեց աշխարհի ախոյեանի կոչումը:

Այս առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան դիմատետրի իր էջին մէջ գրած է.

«Կը շնորհաւորեմ բոլորս ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան մէջ Արթուր Ալեքսանեանի փայլուն յաղթանակներուն, եւ անշուշտ, աշխարհի ախոյեանի իր կոչումը պահպանելուն առիթով: Հետեւելով անոր բոլոր մենամարտերուն` կրկին համոզուեցայ, որ ըմբշամարտի հայկական դպրոցը ամէնէն լաւերէն մէկն է, իսկ Արթուր անգամ մը եւս ապացուցեց, որ հաւասարը չունի աշխարհի մէջ: Անոր յաղթանակը ողիմպիական ախոյեան Ղասեմ Ռեզայի նկատմամբ կը նկատեմ յատկանշական եւ հաւատքով կը սպասեմ Արթուրի ողիմպիական ոսկի մետալին: Կեցցե՛ս Արթուր ջան, մենք կը հպարտանանք քեզմով», գրած է Հայաստանի Հանրապետութեան մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան:

Քիչ ենք, բայց հայ ենք…

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.