Դամասկոսի հայաբնակ շրջանները ահաբեկիչներու հսկողութեան տակ չեն
1446
0
Սուրիոյ ՀՀ դեսպանութիւնը չի հաստատեր տեղեկութիւնները այն մասին, թէ ահաբեկիչները Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ գրաւած են հայաբնակ շրջաններ:
«Սիրիայում ՀՀ դեսպանութեան տուեալներով լուրերը, թէ ահաբեկիչները գրաւել են Դամասկոսի հայաբնակ շրջանները` իրականութեանը չեն համապատասխանում»:
«Հայերն այսօրի» փոխանցմամբ` այս մասին Ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ յայտնած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Տիգրան Բալայեան:
Աւելցնենք, որ նախօրէին տեղեկութիւններ տարածուած էին այն մասին, որ «Իսլամական պետութեան» ահաբեկիչները գրոհով կը մօտենան Դամասկոսի կեդրոնին: