Ո՞ւր գացին Օրտուի 7000 հայերը


Օրտուի հայկական եկեղեցին այժմ կ՚օգտագործուի իբրեւ պահեստանոց

Օրտուի հայրենակցական միութիւն…

Եթէ մէկը ըսէր ինծի` պիտի չհաւատայի: Օրտուի հայրենակցական միութի՞ւն…: Այդ ալ` Մարսէյի մէջ..: Այո՛, ապացոյցը այն պրակն է, զոր հրատարակեր է նշեալ միութիւնը, իր անդամներուն ծանօթացնելու համար հայրենակցական կազմակերպութեան Ծրագիր-կանոնագիրը:

Ո՞ւր կը գտնուի Օրտուն:

Օրտուն Սեւ ծովու ափին թրքական քաղաք մըն է: Եթէ բանանք Թուրքիոյ արդի մէկ քարտէսը, Սեւ ծովու եզերքը` Հոփայէն սկսեալ իրերայաջորդ կերպով պիտի նշմարենք Ռիզէն, Տրապիզոնը, Կիրէսունը, ՕՐՏՈՒՆ, Իւնյէն, Սամսունը, Սինոփը…:

Խոստովանիմ, որ բնաւ գաղափար չունէի Օրտուի հայութեան մասին, ո՛չ ալ օրտուցի հայու մը հանդիպեր էի ցարդ: Հանրագիտարանէն տեղեկացայ, որ Մեծ եղեռնի նախօրէին Օրտուի մէջ կը բնակէին 7000-ի չափ հայեր: Յոյներուն թիւը հայոց եռապատիկն էր, իսկ թուրքերը` կը կազմէին մեծամասնութիւնը:

Ո՞ւր գացին այդ 7000 հայերը: Դիւրին է ենթադրել, որ անոնցմէ շատեր 1915-ի սեւ օրերուն… ծովը թափուեցան ու ծովամոյն դարձան: Եթէ դիտէք Մեծ եղեռնի այն նշանաւոր քարտէսը, ուր մեծ ու փոքր կարմիր բոլորակներով նշուած են ջարդերու վայրերը` քաղաք առ քաղաք, պիտի նկատէք, որ Սեւ ծովու ափին գտնուող քաղաքներուն վրայ դէպի ծով ուղղեալ փոքրիկ նշաններ դրուած են…: Պատմութիւնը յայտնի է…:

Բայց կ՛երեւի թէ փրկուողներ եղան, ու անոնցմէ խմբակ մըն ալ Մարսէյ հասնելով` այնտեղ հիմնեց Օրտուի հայրենակցական միութիւնը:

Շաբաթներ առաջ, Օրտուի մասին կարճ լուր մըն ալ կարդացի մեր թերթերէն մէկուն մէջ: Հոն կը խօսուէր Օրտուի վերջին հայերէն մէկուն մասին: 90-ամեայ հայ ծերունի մը, վարպետ պղնձագործ, որ առ այսօր իր խանութը կը բանեցնէ եղեր Օրտուի մէջ…: Քաղաքին մէջ դեռ քանի մը հայեր կ՛ապրին եղեր…:

Փակելէ առաջ սա՛ ալ ըսեմ.- Օրտու ծնած է ֆրանսահայ գրականութեան երեւելի դէմքերէն ԶԱՐԵՀ ՈՐԲՈՒՆԻՆ (1902-1980): Ան սերնդակիցն էր Շահան Շահնուրին, Վազգէն Շուշանեանին, Հրաչ Զարդարեանին, Նիկողոս Սարաֆեանին եւ միւսներուն: Մեր գրականութեան մէջ Զ. Որբունին ունի ուրոյն տեղ մը, մանաւանդ իր «Հալածուածները» վիպաշարքով:

Օրտո՜ւ…:

Այսօր բարեկարգուած ու սիրուն տպաւորութիւն գործող քաղաք մը, ուր 7000 հայեր կ՛ապրէին դար մը առաջ…:

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.