Ատրպէյճանական բանակի կրակոցներէն վիրաւորուած է հայ սարկաւագ մը


Բրշ. Յովհաննէս Սրկ. Գալստեան որ զինուորական պարտականութիւնը կը կատարէ Արցախի հիւսիս-արեւելեան զօրամասերէն մէկուն մէջ, 11 Օգոստոսին, ատրպէյճանական զինեալ ուժերու խափանարար ներթափանցումի ընթացքին վիրաւորուեցաւ գլուխէն, ստանալով հրազէնային վէրք մը։ Սարկաւագ զինուորը փոխադրուեցաւ Մուրացանի անուան կեդրոնական զինուորական հիւանդանոց ուր առնուեցաւ դարմանումի տակ։ Ան ենթարկուեցաւ վիրահատական գործողութեան եւ քանի մը օրուայ խտացեալ դարմանումէ ետք, տեղափոխուեցաւ հիւանդասենեակ։
Սարկաւագ Գալստեան վիրաւորուած էր ինքնաշարժով դիրքեր բարձրանալու ընթացքին, երբ հակառակորդը կրակ բացած էր այդ ուղղութեամբ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.