1934-ին Վասպուրականի մէջ կը գործէր հայ յեղափոխական Շատախցի Ազատը


Շատախցիներ


Ազատ Սիմոնեան (բուն անունով` Պաղտիկ Սիմոնեան) ծնած է Շատախ գաւառի Սիվտիկին գիւղը,1890-ին: Փոքր տարիքէն կը միանայ հայդուկային խումբերուն` իր կեանքը նուիրելով ազգային-ազատագրական պայքարին: 1910-ին ան կ՛անցնի Պարսկաստան, ուր կը մնայ 6 ամիս. կը հանդիպի Նիկոլ Դումանին,  որուն մասին մեծ հիացումով կը խօսէր:

Շուտով, Պաղտիկ Սիմոնեան աչքի կը զարնէ իր խիզախութեամբ եւ յանդգնութեամբ: Շատախ վերադարձին, ան կը նշանակուի կազմակերպիչ, շրջիկ խմբապետ եւ շրջուն գործիչ: Շատախի ինքնապաշտպանական կռիւներուն  եղած է զինուորական մարմինի անդամ, նաեւ նշանակուած է թռուցիկ խումբերու խմբապետ եւ Շահրուրա ինքնապաշպանական կռիւներու ղեկավար: Պաղտիկ իր ֆիզիքական աջակցութիւնը բերած է Պարսկական սահմանադրական եւ Օսմանեան յեղափոխութիւններուն:

Ցեղասպանութենէն ետք  ան կը մասնակցի հայկական սփիւռքի կազմակերպման`  ըլլալով իրաքահայ գաղթականներու ներկայացուցիչը: 1934-ին ան կը մեկնի Իրան, ուրկէ կ՛անցնի Վասպուրական` մասնակցելու համար քրտական շարժման քարոզչութեան եւ ապստամբութեան: Պաղտիկ Սիմոնեան  միշտ եղած է ժողովուրդին ծառան եւ իր ազգի ու գաղափարի նուիրեալը: Ան մահացած է 1 մայիս 1976-ին, Պաղտատ, եւ թաղուած Ս. Գրիգորի եկեղեցւոյ բակը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.