«Հայ ժողովուրդի դատի իրաւատէրը Հայաստանի պետութիւնն է ». Հարցազրոյց Արամ Ա. Վեհափառի հետ


Հայոց ցեղասպանութեան 100-­րդ տարելիցը սովորական տարեթիւ չէ եւ ոգեկոչման արարողութիւններուն զուգահեռ պէտք է յստակ ըլլայ, թէ որն է հայ ժողովուրդի նպատակը, թիրախը եւ ինչի վրայ պէտք է շեշտը դնել: Այս մասին կ’ընդգծէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսը Armenpress-­ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին:

Վեհափառը կը ներկայացնէ Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցին եւ անկէ ետք հայ ժողովուրդի ընելիքներուն իր տեսլականը, կը կարեւորէ Հայոց ցեղասպանութեան հարցի բարձրացումը իրաւական հիմքի վրայ: ­Հարցազրոյցը արեւմտահայերէնի վերծանած է Եռագոյն կայքէջը։

-Վեհափա՛ռ Տէր, այս տարի հայ ժողովուրդը կ’ոգեկոչէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-­րդ տարելիցը: Ո՞րն է Ձեր պատգամը հայ ժողովուրդին եւ միջազգային հանրութեան: ­

-Երբ շուրջ երեք տարի առաջ սկսանք պատրաստուել Հայոց ցեղասպանութեան 100-­րդ տարելիցի նախապատրաստական աշխատանքները, մենք կարեւորութեամբ շեշտեցինք հետեւեալը. իբրեւ մեր գործընթացի մեկնակէտ, ինչպէս նաեւ նպատակակէտ` առաջին հերթին յայտարարեցինք, որ 2015-­ը սովորական տարելից չէ, որ պէտք է նշենք եւ իր խորքով, բնոյթով ու նպատակով բոլորովին պէտք է տարբերի: Սովորական ձեռնարկներէն բացի, պէտք է յստակ դառնայ մեր նպատակը` ուր պէտք է շեշտը դնել` ինչ պիտի ըլլայ մեր թիրախը: Ռազմավարական եւ մարտավարական մեր մօտեցումները պէտք է յստակօրէն ճշտենք: Նոյնը պէտք չէ կրկնել: Ներկայ պայմաններու լոյսի ներքոյ վերատեսութեան պէտք է ենթարկենք մեր մօտեցումները: 100­-րդ տարելիցը պէտք չէ նկատել գագաթնակէտ Հայ դատի գծով հարիւր տարի կատարած աշխատանքի համար: Այն միայն գագաթ է եւ հետեւաբար աւելի բարձր գագաթներ նուաճելու յանձնառութիւնը պէտք է մղիչ ուժ դառնայ Հայ դատի աշխատանքներուն: Յիշեալ մօտեցման լոյսի տակ երեք բառերու մէջ փորձեցինք խտացնել մեր ընելիքները` յիշել, յիշեցնել եւ պահանջել:

Հակիրճ կերպով բացատրեմ, թէ ինչ կը նշանակէ անիկա:

Ա. Հաւաքական յիշողութիւնը ժողովուրդի կեանքի մէջ կենսական նշանակութիւն ունի: Պատմութիւնը սոսկ դէպքերու ու դէմքերու մասին տեղեկութիւններու ամբողջութիւն չէ ամփոփուած գիրքի մէջ, այլ շարունակուող եւ կենդանի իրականութիւն: Սերունդէսերունդ փոխանցուած յիշողութիւնն է, որ անցեալը անցած պէտք չէ դարձնենք, զայն պէտք է վերածել կենդանի ու գոյութենական ներկայութեան: Հաւաքական յիշողութիւնն է, որ սերունդէսերունդ ինքնութիւնը կը կազմաւորէ եւ անոնց պատկանելութեան արմատները կը զօրացնէ: Հաւաքական յիշողութիւնն է, որ սերունդները կ’առաջնորդէ դէպի ապագան` անոնց մէջ վառ պահելով իրենց ազգային գերագոյն իդէալներն ու ձգտումները: Միթէ այսպէս չեղաւ հարիւր տարի մեր հաւաքական յիշողութիւնը` ցեղասպանութեան յաջորդող սերունդներու կեանքին մէջ:

Բ. Անհրաժեշտ է անցեալի մեր յիշողութիւնը վերածել նաեւ յիշեցման` ուղղուած մեր շրջապատին: Համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհը, ուր գոյութիւն չունին ցանկապատեր, մեզ կը պարտադրելու, որ զանազան ձեւերով յիշեցնենք մեր շրջապատին, թէ հայ ժողովրդի դէմ իրականացուած է ցեղասպանութիւն եւ այդ ոճիրը կը շարունակէ անպատիժ մնալ: Անցնող հարիւր տարիներու ընթացքին այս ուղղութեամբ կարեւոր աշխատանք կատարուած է: Քարոզչական, հրատարակչական, յարաբերական, քաղաքական, կրօնական եւ այլ ոլորտներու մէջ եկեղեցին, կուսակցութիւնները, Հայ դատի մարմինները, վերջին երկու տասնամեակին Հայաստանի Հանրապետութիւնը կարեւոր աշխատանք կատարեցին: Այս աշխատանքները վերանորոգուած թափով պէտք է շարունակուին, սակայն տարբեր մօտեցումներով, մեթոտներով ու շեշտադրումներով, որովհետեւ աշխարհը հիմնովին փոխուած է:

Գ. Պահանջատիրութիւնը մեր ժողովուրդի դատի էութիւնն է: Մենք ոչ միայն մեր ժողովուրդի դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւնը պէտք է յիշենք ու  յիշեցնենք աշխարհին, այլ պէտք է արդարութիւն պահանջենք: Պահանջատիրական ոգով եւ մօտեցումով պէտք է մշակենք մեր ժողովուրդներու իրաւունքներու պաշտպանութեան հետ աղերս ունեցող ծրագիրներն ու ճշտենք քայլերը: Մեր մարդկային իրաւունքները տակաւին կը մնան բռնաբարուած: Մէկուկէս միլիոն հայու արիւն թափած է: Մեր ազգապատկան, եկեղեցապատկան ու անհատական կալուածները ցեղասպան թուրքի կողմէն բռնագրաւուած են: Այս կացութեան դիմաց մենք չենք կրնար միայն ողբալ, գրել ու խօսիլ: Պէտք է մեր իրաւունքները պահանջենք: Մեր պահանջատիրութիւնը պէտք է ըլլայ տրամաբանուած, ծրագրուած եւ պատմաիրաւական տուեալներով ամուր, հեռու մնա ամէն տեսակի զգացական, պարագայական եւ ժամանակավրէպ մօտեցումներով: ­

-Վեհափառ տէր, ի՞նչ դաս պէտք է քաղենք Հայոց ցեղասպանութենէն եւ 100-­րդտարելիցէն ետք, որոնք պէտք է ըլլան հայ ժողովուրդի քայլերը: ­

-Հայոց ցեղասպանութեան 100-­րդ տարելիցի մասին խօսելով` մենք յաճախ կը յիշեցնենք մեր ժողովուրդին, որ անհրաժեշտ է նայիլ հարիւրամեակէն այն կողմ: Այս խօսքով, մեր ծրագիրները պէտք է այնպէս կատարուին, որ մեզ առաջնորդեն 100-­րդ տարելիցի շրջագիծէն այն կողմ: Նեղ օղակներու մէջ պարփակուած գործելը մեզ հեռու կը պահէ յաջողութեան առաջնորդող ճամբաներէն: Ինչպէս արդէն նշեցի 100-­րդ տարելիցը գագաթնակէտ չէ Հայ դատի աշխատանքներու մէջ, այն միայն հանգրուան է, հանգրուան, որ մեզ կը մղէ անցեալը նայելու, կատարուած աշխատանքը վերլուծելու, արժեւորելու եւ գնահատելու եւ ապա ապագայատեսիլ մօտեցում ծրագրելու 100-­րդ տարելիցէն այն կողմ: Հետեւաբար, ինչ պէտք է ընել 100­-րդ տարելիցէն ետք: Ամէնէն առաջ հայ ժողովուրդի պայքարը պիտի ստիպէ մեզ միասնական ոգիով եւ համահայկական մօտեցմամբ ու ծրագիրով կատարենք այս աշխատանքը: Միայն առիթէ առիթ քովեքով չգանք ու պարագայաբար մեր միասնականութիւնը չարտայայտենք: Դժբախտաբար նման մօտեցում ունեցանք անցնող հարիւր տարուան ընթացքին: Մեր միասնականութիւնը պէտք է մեր կեանքի մէջ մնայուն ներկայութիւն ունենայ եւ ան պէտք է դառնայ պահանջատիրական պայքարի մղիչ ուժը: Անհրաժեշտ է այս ուղղութեամբ համահայկական մտածողութիւն մշակել:

Մեր միասնականութիւնը կը դառնայ զգացական եւ ժամանակաւոր, երբ ան համահայկական մտածողութեան վրայ խարիսխուած չէ: Մեր ժողովուրդը ներկայացնող կառոյցներու ներկայացուցիչները, բնականաբար, Հայաստան պետութեան գլխաւորութեամբ, պէտք է միասնաբար մտածեն, թէ ինչպէս կարելի է կազմակերպել մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու ձեռքբերման աշխատանքը 100­-րդ տարելիցէն ետք: Համահայկական հռչակագիրը համահայկական մտածողութեան եւ աշխատանքի առաջին եւ մեծապէս կարեւոր քայլն է: Հռչակագրին պէտք է յաջորդեն գործնական քայլեր ու ճշտուի քննարկումներու եւ ծրագիրներու յստակ գործընթաց: Այս առումով զանազան առիթերով յիշեցուցած ենք, մեր պահանջի գիծով յստակեցում կատարելուն առընթեր, անհրաժեշտ է նաեւ աշխատանքի բաժանում կատարել: Բնականաբար Հայաստանը իր ընելիքը պէտք է ունենայ, Սփիւռքը` իր: Կատարելիքները պէտք է իրար ամբողջացնեն եւ ներդաշնակ ըլլան` ունենալով նոյն ուղղուածութեան նպատակակէտը: Վերջապէս, ինչ կը վերաբերի պահանջատիրութեան խորքին ու բնոյթին, կը կարծենք, որ ժամանակն է, որ մեր աշխատանքներու մէջ կիզակէտը դառնայ իրաւական ոլորտը: Բնականաբար, յիշելու եւ յիշեցնելու մեր աշխատանքները պէտք է շարունակուին, սակայն մեծապէս անհրաժեշտ է, որ մեր դատը մուտք գործէ իրաւական դաշտ: Տասնամեակներ առաջ Հայ դատի մասին խօսելու ժամանակ կ’ըսէինք` այժմէականութիւն, քաղաքականացում եւ միջազգայնացում: Այս ուղղութեամբ գնահատելի աշխատանք է կատարուած: Այս գործընթացը շարունակելով հանդերձ անհրաժեշտ է ծրագրուած կերպով եւ հանգրուանային մօտեցումներով մուտք գործել իրաւական դաշտ: Սակայն պէտք է ըլլալ իրատես, այս բնագաւառը այնքան ալ վարդագոյն պատկերով չի ներկայանար: Միջազգային օրէնքի տուեալները այնքան ալ մեր դատին ի նպաստ չեն: Աշխարհաքաղաքական պայմանները նոյնպէս: Այս դառն իրականութեանը հակառակ, պէտք չէ ունենալ պարտուողական ոգի եւ կրաւորական մօտեցում, այլ քաջութիւն իրաւական ոլորտի մէջ գործնական քայլերու դիմելու համար: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առնելիք իրաւական քայլը այս նպատակը կը հետապնդէ: Ինչպէս գիտէք, շուրջ երեք տարի մենք լծուած ենք յատուկ աշխատանքի: Իրաւական թղթածրար կը պատրաստենք` պահանջելու Սիսի մեր պատմական կաթողիկոսարանը:

Այս քայլին պէտք է յաջորդեն մեր ազգապատկան ու անհատական կալուածներու պահանջը: Սակայն ասիկա դիւրին գործ չէ: Այն հետեւողական ու լուրջ աշխատանք պիտի պահանջէ նաեւ նիւթական լայն հնարաւորութիւն: Հետեւաբար, 100-­րդ տարելիցէն ետք այս ուղղութեամբ պէտք է անհրաժեշտ գործնական քայլերու դիմենք: Անհրաժեշտ է մեր արխիւները քննել, ուսումնասիրել, կազմել մեր կորուստները եւ ուսումնասիրել այդ հարցի առնչութեամբ միջազգային օրէնքները: Այս ողղութեամբ վերջին տարիներուն գնահատելի աշխատանք կատարուած է: Անհրաժեշտ է այդ աշխատանքները համահայկական ճիգով աւելի լայն հիմքի վրայ դնել եւ աշխատանքի գործընթացը ճշտել: Այս ուղղութեամբ Հայաստանի պետութեան դերը խիստ կարեւոր է: Ան առաջնորդողի դեր պէտք է ստանձնէ, քանի որ հայ ժողովուրդի դատի իրաւատէրը Հայաստանի պետութիւնն է: ­

-Ին՞չ կարելի է ակնկալել միջազգային հանրութենէն  Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչմանհարցի առնչութեամբ: Արդեօ՞ք այս հարցի առնչութեամբ նոյնպէս հայ ժողովուրդը պէտք էապաւինի սեփական ուժերուն: ­

-Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ընթացքը բնականոն կերպով պէտք է շարունակուի: Որոշ պետութիւններ ճանչնալով Հայոց ցեղասպանութիւնը մեր կողքին կանգնած են, միւսները Թուրքիոյ հետ շահերէն կամ մտահոգութիւններէն մեկնելով կամ կրօնական զգացմունքները նկատի ունենալով այս հանգրուանին պաշտօնապէս չեն ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը: Սակայն մենք վստահ ենք, որ անոնք ալ ներքուստ մեզի հետ են: Անոնք շատ լաւ գիտեն, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը պատմական իրողութիւն է: Հետեւաբար, մեր մօտեցումը այդ պետութիւններու ու կառոյցներու նկատմամբ պէտք է ոչ թէ ժխտական, այլ բարեկամական ըլլայ, միշտ յիշեցնելով անոնց մեր ակնկալիքներու մասին: Երբեք չմոռնանք, որ իւրաքանչիւր պետութիւն կը գործէ մեկնելով իր շահերէն: Հետեւաբար, հայ ժողովուրդը պէտք է իր սեփական ուժերուն ապաւինի: Եղիշէ Չարենցի պատգամը յաւիտենական ճշմարտութեան վերահաստատումն է. “ով հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է”: Այո՛, մեր հզօրութիւնը մեր միասնականութեան ու սեփական ուժի մէջ է: Մեր միասնականութիւնը, Հայաստանի հզօրացումը, Արցախի անկախութեան ամրապնդումը, Հայաստան­-Սփիւռք գործակցութեան ամրապնդումը մեր սեփական ուժի հիմքն են: Պէտք է մեր ազգին ու հայրենիքը, մեր սեփական տան հիմքը պահենք ամուր ու զօրեղ` համախմբուելով մեր գերագոյն եւ ընդհանրական արժէքներու եւ իտէալներու շուրջ: Սա մեզ կը թելադրէ մեր դարաւոր պատմութիւնը:

Հարցազրոյցը` Յասմիկ Յարութիւնեանի


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.