Հոլլանտի Աջակցութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշողութեան Կեդրոն Պիտի Հիմնուի


«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Փարիզի մէջ պիտի ստեղծուի Հայոց ցեղասպանութեան յիշողութեան կեդրոն: Նախաձեռնութիւնը ՀՅԴ Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբինն է` Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի աջակցութեամբ:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբի անդամ Մուրատ Փափազեան «Արմէնփրես»-ին յայտնած է. «Ֆրանսուա Հոլլանտ այս ծրագիրին մղիչ ուժն է: Ան կ՛ուզէ, որ այս նախաձեռնութիւնը իրականութիւն դառնայ: Երբ համայնքի անդամները 2012-ին հանդիպեցան Ֆրանսայի նախագահին հետ, այս հարցը եւս քննարկուեցաւ, եւ ան հաստատեց ծրագիրը: Անցնող տարիներուն ընթացքին ան միշտ կը հետաքրքրուի, թէ ծրագիրը ո՛ր հանգրուանին մէջ է: Ան յանձնարարած է Փարիզի քաղաքապետարանին աջակցիլ այս հարցին եւ տարածք տրամադրել այս կեդրոնին համար: Փաստօրէն, պետութեան ուժերը մէկտեղուած են, որպէսզի այս կեդրոնի ծրագիրը կեանքի կոչուի»: Ըստ համաձայնութեան, շէնքը պիտի տրամադրուի հայ համայնքին` կեդրոնի բացման համար, սակայն կառոյցը պիտի չպատկանի համայնքին, այլ` քաղաքապետարանին:

Մուրատ Փափազեան կը շեշտէ, որ Յիշողութեան կեդրոնի նախաձեռնութիւնը ամենայն հաւանականութեամբ իրականութիւն պիտի դառնայ աշնան: Յիշողութեան կեդրոնին մէջ պիտի գործեն ցուցասրահ, աշխատասենեակներ, ուր ուսանողները պիտի կարենան ուսումնասիրութիւններ կատարել, նաեւ դահլիճ, ուր տեղի պիտի ունենան գիտաժողովներ, դասախօսութիւններ, հանդիպումներ Հայ դատի յանձնախումբի եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:

Թէեւ կեդրոնը նուիրուած պիտի ըլլայ Հայոց ցեղասպանութեան, սակայն կը նախատեսուի, որ այդտեղ ձեռնարկներ եւ դասախօսութիւններ կատարուին նաեւ մարդկութեան դէմ գործուած այլ յանցագործութիւններու մասին:

Բացի Յիշողութեան կեդրոնի բացումէն, Ֆրանսայի մէջ տեղի պիտի ունենան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած բազմաթիւ ծրագիրներ: Մարտին Սորպոնի համալսարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ քառօրեայ միջազգային գիտաժողով: Երեւանի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին հետ համագործակցաբար երեք ամիս շարունակ Փարիզի քաղաքապետարանին մէջ պիտի ցուցադրուին թանգարանին մէջ ցուցադրուած նմուշները: «Կան հարիւրաւոր այլ ձեռնարկներ, ցուցահանդէսներ, գիրքերու հրատարակում: Բազմաթիւ պատկերասփիւռի կայաններու հետ համաձայնութիւն կայ Հայոց ցեղասպանութեան մասին շարժանկարներ ցուցադրելու առնչութեամբ: Համաձայնութիւններ գոյացած են, որ Ֆրանսայի մեծագոյն լրատուամիջոցները ոչ միայն լուսաբանեն այդ ձեռնարկները, այլ նաեւ առանձին յօդուածներով անդրադառնան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին», ըսած է Փափազեան` աւելցնելով, որ 100-ամեակի ոգեկոչումը պէտք է ծառայեցնել ի նպաստ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.