Հալէպի Մէջ Հայաստանի Հիւպատոսը Լաթաքիա Եւ Քեսապ Այցելած Է


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 6-9 Փետրուարին Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեանը այցելած է Լաթաքիա եւ Քեսապ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ 7 եւ 8 Փետրուարին Տիգրան Գէորգեան հանդիպումներ ունեցած է տեղւոյն Ազգային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: Քննարկուած են Սուրիոյ ծովափնեայ շրջաններուն մէջ բնակող, յատկապէս Հալէպէն, Ռաքքայէն եւ այլ քաղաքներէ գաղթած հայութեան կացութեան առնչուող հարցեր:
9 Փետրուարին Քեսապի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ գլխաւոր հիւպատոսը քեսապցիներուն յանձնած է Հայաստանի քաղաքացիի անձնագիրներ: Այնուհետեւ գլխաւոր հիւպատոսը հանդիպում ունեցած է Քեսապի քաղաքային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց հետ քննարկուած են Քեսապի վերականգնման առնչուող հարցերը, ինչպէս նաեւ քեսապցիները յուզող շարք մը այլ խնդիրներ եւ անոնց լուծման հեռանկարները:
Լաթաքիա այցելութեան երկու օրերուն ընթացքին տեղւոյն Հայոց Ազգային առաջնորդարանին մէջ Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան աշխատակիցներուն կողմէ կատարուած է հիւպատոսական ընդունելութիւն՝ Սուրիոյ հիւսիս-արեւմտեան շրջաններուն մէջ բնակող հայերուն համար:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.