Տավութօղլուն հաշտութեան կոչով կը դիմէ համայն հայութեան


Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տավութօղլուն Հրանդ Տինքի սպանութեան 8-րդ տարելիցին հետ կապուած յայտարարութիւն մը տարածած է՝ կոչ ընելով հայերուն նոր սկիզբի մը հիմը դնել։

Թրքական Radikal-ի փոխանցմամբ՝ Թուրքիոյ վարչապետ տավութօղլուի ուղերձին մէջ նշուած է. «Արդէն 8 տարի է, որ մեր հետ չէ Հրանդ Տինքը, որ կը փորձէր իր զգացումներով եւ մտքերով լուսաւորել Օսմանեան կայսրութենէն Թուրքիոյ հանրապետութեան փոխանցուած կարեւոր խնդիրներէն մէկը։

Տինքի յարգարժան ընտանիքին եւ բոլոր անոնց, ովքեր կը սիրեն Տինքին, համբերութիւն կը մաղթենք։ Հրանդ Տինքը Անատոլուի թանկարժէք մտաւորական մըն էր, որ ճանապարհներ կը փնտռէր հայերու եւ թուրքերու համատեղ ապագան կառուցելու համար։

Հայ-թրքական բարեկամութեան հաւատացող բոլոր անձերուն կը հրաւիրենք նոր սկիզբի համար աջակցութիւն ցոյց տալ եւ կ՚ուզենք դիմել բոլոր հայերուն.

Թուրքիան նախապէս ալ յայտարարած էր, որ պատերազմական պայմաններու տակ ստիպուած եղած է կիրառել պարտադիր գաղթի քաղաքականութիւն, որ պատճառ դարձած է ոչ մարդկային հետեւանքներու։  Թուրքիան կը կիսէ հայերու ցաւը  ու վճռական ջանքեր կը գործադրէ երկու ժողովուրդներուն միջեւ կրկին զգացական կապեր ստեղծելու համար։ Մեր յարաբերութիւնները պատանդ վերցուցած թշնամութիւնը յաղթահարելու համար եւ  գլխաւորաբար երկխօսութեան միջոցով շարժելու անհրաժեշտութեան մասին ամենավճռական արտայայտութիւնը 2014 թուականի ապրիլի 23-ի ցաւակցական ուղերձն է։  Ժամանակը, որ կանգ առած է 1915-ին, կը շարունակուի, երբ թապուները քանդուին։ Թուրքիան այդ կէտը յաղթահարած է։

Հնարաւոր է, որ երկու տեղաբնիկ ժողովուրդներ հասնին միմիանց հասկնալու եւ միասին ապագային նայելու հասունութեան։ Աշխարհագրական նոյն վայրինն մէջ ապրող եւ երկար ժամանակ պատմութիւնը կիսող հայերը եւ թուրքերը բոլոր հարցերը միայն իրար մէջ կրնան խօսիլ, լուծման ճամբաներն ալ միասին կրնան որոնել։ Այս պատճառով անհրաժեշտ է, որ փոխադարձ վստահութեան եւ համագործակցութեան հասկացողութիւն զարգացնենք, 800 տարուայ համատեղ պատմութեան լոյսին տակ զիրար վերստին ճանչնանք։ Ճիշդ այդ պատճառով, մեր հայ բարեկամներուն կը հրաւիրենք աւելի շատ այցելել Թուրքիա՝ փոխադարձ կարծրատիպերը վերցնելու համար։

Կիսել ցաւերը, վիրակապել վէրքերը եւ կրկին կարենալ ստեղծել բարեկամութիւն։ Մեր անկեղծ ցանկութիւն է այդ»,- ըսած է Տավութօղլուն։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.