Թուրք Երեսփոխաններ Ցեղասպանութեան 100ամեակին Գծով Իտալիա Եւ Շուէտ Պիտի Այցելեն


ՊՈԼԻՍ.- «Սի.Էն.Էն. Թիւրք» կը հաղորդէ, որ թուրք երեսփոխաններէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը, Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակին հարցով շփումներ ունենալու նպատակով պիտի այցելէ Իտալիա եւ Շուէտ։
Թուրքիոյ խորհրդարանի գլխաւոր խորհուրդը, խորհրդարանական դիւանագիտութեան ծիրին մէջ կը պատրաստուի Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակին։ Այդ ծիրին մէջ կայացած է Շուէտ եւ Իտալիա այցելելու որոշումը։
Թուրք երեսփոխանները հաստատած են նման այցելութիւններու կարեւորութեան մասին կառավարութեան ներկայացուցած ուղերձը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.