Ջաւախքի Ռազմավարական Նշանակութիւնը Այսօր


Կովկասեան տարածաշրջանէն ներս մեծապետական ուժերու վերադասաւորումը ցոյց կու տայ այսօր, որ Հայաստանի քաղաքականութիւնը պիտի ընթանայ Ռուսիոյ հետ յարաճուն սերտակցութեան հանգրուաններով, մինչ Վրաստան պիտի գործէ Եւրոպայի եւ ընդհանրապէս Արեւմուտքի շահերուն խարիսխ հայթայթելու եւ այդ ճանապարհով Արեւմուտքի աւազանին մաս դառնալու դիտաւորութիւններով:

Այսուհանդերձ, ներկայ դրութեամբ, իրականութիւն է նաեւ այն, որ Հայաստանը սերտ առնչութիւններով կապուած պիտի ըլլայ Արեւմուտքին, ինչպէս Վրաստանը՝ Ռուսիոյ: Այս տարերային պատկերը կրնայ փոխուիլ միայն, երբ Ռուսիա հրապարակ իջնէ ամբողջ Կովկասը իւրացնելու ուժային քաղաքականութեամբ. բա՛ն մը, որ առայժմ հեռու է աշխարհակարգի իրականութիւններէն:

 Յամենայնդէպս, կանխատեսելի ապագայի տուեալներով, պարզ կը դառնայ, որ Ջաւախքի աշխարհաքաղաքական կարեւորութիւնը թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Վրաստանի շահերուն տեսանկիւնէն՝ համատեղ աշխատանքի նոր հրամայականներ պիտի դնէ երկու հարեւան երկիրներուն առջեւ:

 Վրացական վեհապետութեան մաս կազմող հայկական Ջաւախքը բացառիկ կարելիութիւնը ունի այսօր մտնելու Եւրոպայի հետ սերտ շփումներու աւազանէն ներս: Հետեւաբար անոր տնտեսական զարգացումը եւ աստիճանական համարկումը Եւրոպայի տնտեսութեան հետ հասարակաց առաւելութիւններ կը ստեղծէ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Վրաստանի համար:

 Համատեղ ռազմավարութեամբ, Ջաւախքը կրնայ վերածուիլ զարգացման աշխոյժ գօտիի մը՝ խթանելով անոր մրցակցային բնական առաւելութիւնները եւ առանց խաթարելու անոր թանկագին կենսոլորտը: Հայաստանի ցամաքային ճանապարհները (խճուղային եւ երկաթուղային) Ջաւախքի եւ Վրաստանի այլ տարածքներու վրայով մինչեւ Սեւ Ծով եւ Եւրոպա Հայաստանին կը հայթայթեն իր տնտեսական կենսունակութեան համար անհրաժեշտ կապը Արեւմուտքի հետ:

 Ջաւախք կրնայ դիւրաւ դառնալ Հայաստանի կենսական շաղկապը Եւրոպայի հետ: Զարգացման այս նոր մայրուղին բնականօրէն կը խթանէ նաեւ հայ-իրանական տնտեսական կապերը եւ կ՛ամրապնդէ Հայաստանի դերակատարութիւնը Կովկասի մէջ որպէս համաշխարհային տնտեսական համարկման բանալի գործօն:

 Այս առումով, Ջաւախքի հայկական նկարագիրի պահպանումն ու զարգացումը պէտք է դիտուի որպէս բանալի արժէք թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Վրաստանի կողմէ: Ջաւախքի հայեցիութեան հայեցակարգը պէտք է ձեւաւորուի որպէս երկու երկիրները միացնող ազդակ փոխանակ դիտուելու որպէս շահերու հակադրման կնճիռ: Հայաստան եւ Վրաստան պէտք ունին զիրենք միաւորող գոծօնները ամրապնդելու, ելլելով իրենց իսկ ազգային գերագոյն շահերէն: Հայկական Ջաւախքը երկու երկիրները միաւորող ներուժային հարթակն է:

Բնականաբար այս քննարկումէն կարելի չէ դուրս պահել Թուրքիոյ գործօնը: Պատմականօրէն Սեւ Ծովու տարածքին ամենալայն մասը բաժնուած է Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ: Եւ Թուրքիան միշտ ալ իր հսկողութեան տակ պահած է Բաթումը իր շրջակայքով, որ կ՛ընդգրկէ նաեւ Ջաւախքը: Այս պարագան աւելի եւս շեշտակի բնոյթ ստացաւ Վրաստանի անկախացումով: Արեւմուտք Թուրքիոյ ապաւինեցաւ Կովկասի այս բանալի հանգոյցը իր ազդեցութեան տակ առնելու գործին համար: Իսկ Բաքու-Ճէյհան նաւթամուղն ու նոր շինուող Կարս-Թբիլիսի-Բաքու երկաթուղագիծը Ջաւախքը կը վերածեն ռազմավարական կենսական տարածութեան մը Թուրքիոյ եւ Արեւմուտքի շահերուն համար: Այս լոյսին տակ, պարզ կը դառնայ, որ Ջաւախքը համաշխարհային կարեւորութիւն ներկայացնող օղակ մըն է այսօր Կովկասի մէջ: Եւ այս առումով, եթէ Կովկասի մէջ յարաբերութիւններու սրումը սկսի պայթուցիկ բնոյթ ստանալ Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքի միջեւ, Ջաւախքն է, որ առաջին հերթին պիտի իյնայ այդ ջրապտոյտին մէջ: Իսկ եթէ բախման այդպիսի հոլովոյթէ մը զերծ մնայ Կովկասը (որ առայժմ հաւանական տարբերակն է), պէտք է ակնկալել, որ Ջաւախքի մէջ շահերու աստիճանական հանդիպում տեղի ունենայ թէ՛ մեծապետական եւ թէ շրջանային ուժերու մակարդակին վրայ: Արեւմուտք, Ռուսիա, Թուրքիա, Իրան եւ անշուշտ Հայաստան, Վրաստան եւ Ատրպէյճան երբեմն հակադիր, բայց ընդհանրապէս լրացուցիչ շահերով պիտի գործեն Ջաւախքի մէջ: Ջաւախք պիտի ըլլայ Հարաւային Կովկասի քաշողութեան բեւեռը: Կարեւոր է, որ այս հանգամանքէն առաջին հերթին օգտուողը ըլլայ Ջաւախքը՝ ի՛նք:

 Անշուշտ, այս իրականութիւնը յղի է աննախընթաց մարտահրաւէրներով Հայաստանի եւ Ջաւախքի համար. մարտահրաւէրներ՝ որոնք նաեւ մեծ պատեհութիւններ կը բանան հայ ազգային ռազմավարութեան համար:

Կարօ Արմէնեան


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.