Գիւմրեցիները Սուգի Մէջ Են. Մեծագոյն Աղէտը 1988էն Ետք


14 Յունուարի կանուխ առաւօտէն գիւմրեցիները սկսան այցելելու Սուրբ Նշան եկեղեցի՝ ցաւակցելու 12 Յունուարին սպաննուած Աւետիսեաններու ընտանիքի 6 անդամներու հարազատներուն եւ յարգանքի տուրք մատուցելու անոնց յիշատակին:
Գիւմրեցիներուն եկեղեցի հոսքը դադար չունէր. բոլորը եկեղեցիէն դուրս կու գային արցունքոտ աչքերով: Ընտանեկան ողբերգութիւնը աննախընթաց է Գիւմրիի համար. գիւմրեցիները կատարուածը նկատեցին 1988ի երկրաշարժէն ետք արձանագրուած ամէնէն ողբերգական դէպքը։
 
Աւետիսեաններու քաղաքացիական հոգեհանգիստը տեղի ունեցաւ 14 Յունուարին՝ ժամը 18:00ին: Սգոյ Ս. պատարագը մատուցանեց Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ եպս. Աջապահեան, իսկ յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ  Յունուար 15-ին:

Նշենք, որ Յունուար 12-ի առաւօտուն Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած ահաւոր սպանդ մը ցնցած էր ամբողջ Հայաստանը՝ 7 հոգինոց ընտանիքէն վեցին սպանութեամբ եւ նորածինի մը ծանրօրէն վիրաւորումով։ Հայաստանի մէջ ծառայող ռուս զինուորի մը հրացանային կրակոցներով սպաննուած էին նշուած տան բնակիչները՝ 1961ի ծնունդ Սերեօժա Աւետիսեանը, 1959ի ծնունդ Յասմիկ Աւետիսեանը, 1979ի ծնունդ Այիտա Աւետիսեանը, 1981ի ծնունդ Արմէն Աւետիսեանը, 1990ի ծնունդ Արաքսեա Պօղոսեանը, Յասմիկ Աւետիսեանը (ծննդեան թուականը տակաւին չէ ճշդուած): 2014ի ծնունդ Սերեօժա Աւետիսեան վիրաւորուած եւ տեղափոխուած է հիւանդանոց:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.