«Զաման». Էթիէն Մահճուբեան Թուրքիոյ Ազգային Ապահովութեան Սպառնալի՞ք մըն է


Եուսթ Լակենտիյք «Թուտէյզ Զաման»-ի մէջ կը գրէ, որ անկախ Թուրքիոյ փափաքէն, 2015-ը պիտի ըլլայ այն տարին, երբ այս երկիրը՝ Օսմանեան կայսրութեան իրաւայաջորդը դարձեալ պիտի դիմագրաւէ, այժմ աւելի հրամայական դարձած այն հարցումը, թէ ինչպէ՞ս կը նայի 1915-ին օսմանցի հայերուն դէմ գործուած «վայրագ արարքներուն»։

Հայերը կը վայելէն աջակցութիւնը համաշխարհային հանրային կարծիքին, որոնք կը հաւատան, թէ Թուրքիա համոզիչ պատասխան մը տալու պատասխանատութիւնը կը կրէ։ Հարիւրամեայ ժխտումէ եւ հարցը վերասահմանելու փորձերու ձախողութենէն ետք, Թուրքիան առնուազն ցոյց պիտի տայ, որ կը ճանչնայ այս անլոյծ խնդիրը եւ անոր պիտի պատասխանէ շինիչ ձեւով եւ կարեկցանքով։

Շատեր կը յուսան, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ այն ինչ, որ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան անցեալ տարի սկսաւ, երբ 1915-ին հայերու կորուստներուն համար ցաւակցութիւն յայտնեց։ Անոր քայլը պատմական առաջին քայլ մըն էր եւ կը թուէր ցոյց տալ ներկայիս սառեցուած հայ-թրքական յարաբերութեանց մէջ եւ անցեալի վէճերուն վերաբերեալ նոր հանգրուանի մը նախաձեռնելու պատրաստակամութիւն մը։

Բազմաթիւ սպասումներ կան, որ Թուրքիոյ վարչապետի խորհրդական Էթիէն Մահճուբեան կրնայ այս հոլովոյթին մէջ դրական դերակատարութիւն մը ունենալ։

Այս զգուշաւոր լաւատեսութեան ենթահողին վրայ կարդացի յօդուած մը, որ կը վերաբերէր թրքական դպրոցական դասագիրքերու մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթին ներկայացման վերաբերեալ յօդուածի մը, որ սթափեցնող էր։ Թաներ Աքչամ, թուրք պատմաբան մը, որ բազմաթիւ թուրքերու աչքերը բացաւ 1915-ի ահաւոր իրադարձութեանց եւ այժմ Միացեալ Նահանգներ կը բնակի Միացեալ Նահանգներ, եզրակացութիւնները ցնցիչ են ու տխրութիւն կը պատճառեն։

Աքչամ կը թուէ սխալներու եւ բացայայտ խեղաթիւրումներու բազմաթիւ օրինակներ, որոնք դասագիրքերու մէջ կ՚օգտագործուին հայերը իբրեւ նախայարձակ եւ թուրքերը իբրեւ անմեղ զոհեր ներկայացնելու համար։ Անհաւատալի կերպով՝ այս հարցին վերաբերեալ բոլոր հրապարակումներէն ետք, պատմութիւնը տակաւին կը խեղաթիւրուի եւ կը խարդախուի տեղի ունեցած ջարդերը արդարացնելու համար։ Աքչամի եզրակացութիւնը յստակ է.«Նոր Թուրքիոյ մէջ ոչինչ նոր է։ Ամէն ինչ տասնամեակներէ ի վեր կատարուածին կրկնութիւն մըն է»։

Այս պատմական խեղաթիւրումներուն գլխաւորն ու ամէնէն անհանգստացնողը այն է, որ Թուրքիոյ եւ արտասահմանին մէջ գտնուող այսօրուան հայերը կը ներկայացուին իբրեւ Թուրքիոյ ապահովութեան մեծագոյն սպառնալիքներէն մէկը։ Թրքական պատմութեան դասագիրքերը այն պատգամը կը փոխանցեն, որ իւրաքանչիւր հայ թշնամի է։

Ո՞րքան երկերես է երկիր մը, ուր աշակերտները հայերուն դէմ կը լարեն, սակայն նոյն ատեն Էթիէն Մահչուփեանը, այս ազգին ամէնէն աչքառու ներկայացուցիչը, Թուրքիոյ վարչապետին գլխաւոր խորհրդականներէն մէկն է։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.