Ուրուկուէի Մէջ Ցեղասպանութեան Թանգարանին Տարածք Պիտի Տրամադրուի՝ 2015ի Սկիզբը


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ուրուկուէյի մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան թանգարան կառուցելու քայլերը ընթացքի մէջ են:
ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ղեկավար Յակոբ Տապակեան յայտնած է, թէ 2015ի առաջին ամիսներուն, ամենայն հաւանականութեամբ Ուրուկուէյի կառավարութիւնը տարածք պիտի տարամադրէ այդ թանգարանին համար:
«Մոնթեվիտէոյի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան ստեղծելու համար, բոլոր անհրաժեշտ քայլերը կը կատարուին: Աշխատանքին մաս պիտի կազմեն հայ համայնքի ներկայացուցիչները, Ուրուկուէյի Հանրապետութեան Պետական համալսարանի, երկրի զբօսաշրջութեան նախարարութեան եւ Մոնթեվիտէոյի քաղաքապետարանի ներկայացուցիչները: Այս քայլերը, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի ամբողջացուին 2015 թուականի առաջին ամիսներուն, եւ այդ ժամանակ Ուրուկուէյի կառավարութիւնը տարածք պէտք է յանձնէ թանգարանի հիմնադրման համար», ըսած է Տապակեան:
Ինչ կը վերաբերի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ Պոլիվիոյ խորհրդարանի յայտարարութեան, որ կը դատապարտէ մօտ մէկ դար առաջ նշեալ ոճիրը գործողներու ժխտողական քաղաքականութիւնը, Տապակեանի խօսքով՝ ատիկա եւս մէկ անգամ կը հաստատէ, թէ Լատին Ամերիկայի ազգերուն մօտ գիտակից համոզում մը կայ գործելու ի նպաստ ճշմարտութեան:
«Հարաւային Ամերիկայի տարբեր երկիրներու վրայ, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ կը գործադրուին տնտեսական ու քաղաքական խիստ ու շարունակական ճնշումներ, որոնք վերջին տարիներուն աւելի սաստկացած են, յատկապէս՝ Արցախի հիմնահարցին առնչութեամբ: Սակայն Պոլիվիոյ ճանաչումը յստակ պատասխան է Էրտողանին, Ալիեւին եւ անոնց իշխանութիւններուն կողմէ առաջադրուած ժխտողականութեան դէմ», շեշտած է Յակոբ Տապակեան:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.