Հայաստան Եւ Ռուսիա Կը Ստեղծեն Միացեալ ՀՕՊի Համակարգ


ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանի եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ ստորագրուած երկկողմանի համագործակցութեան 2014ի ծրագիրին համաձայն՝ 9-11 Դեկտեմբերին պիտի կայանայ հակաօդային պաշտպանութեան միացեալ ծրագիր մը։ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ կնքուած «Հաւաքական անվտանգութեան կովկասեան տարածաշրջանում հակաօդային պաշտպանութեան միացեալ համակարգի ստեղծման մասին» պայմանագիրի նախագիծի քննարկման եւ վերջնական համաձայնեցման նպատակով Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մասնագէտները այս նպատակով պիտի գործակցին Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան փորձագէտներուն հետ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.