Ռուսիա Եւ Թուրքիա Առեւտրական 8 Համաձայնագիրներ Ստորագրեցին


ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Դեկտերմբեր 1ին այցելեց Թուրքիա: Այցելութեան ընթացքին ստորագրուեցան ութ համաձայնագիրներ, որոնք գլխաւորաբար կը վերաբերին ուժանիւթի եւ առեւտուրի մարզերուն: Թուրքիոյ իր պաշտօնակից Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Փութին դէպի Թուրքիա արտածուող բնական կազի գինի վեց առ հարիւրի զեղչ մը եւ «Հարաւային Հոսանք» կազատարի ծրագիրի կասեցումը յայտարարեց:
Փութին յայտարարեց նաեւ, որ ռուս-թրքական ուժանիւթի մարզի համագործակցութիւնը այժմ հասած է ռազմավարական մակարդակի: Ան նշեց, որ պիտի ընդարձակուի Ռուսիայէն Թուրքիա կազատարներու ցանցը, բաւարարելու համար Թուրքիոյ ուժանիւթի պահանջները։ Կը քննուի նաեւ նոր խողովակաշար մը կառուցելու կարելիութիւնը։
Էրտողան իր կարգին նշեց. «Փութինի այցելութիւնը յստակ նշան է Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութեանց յառաջդիմութեան»:
Էրտողան ու Փութին յայտարարեցին նաեւ, որ միայն խաղաղ լուծում մը կ՛ակնկալեն Ուքրանիոյ ճգնաժամին համար։
Նաեւ, երկու ղեկավարները Սուրիոյ հարցով իրենց տարակարծութիւնը արտայայտելէն ետ չմնացին:
Փութինի ընկերացած է 10 նախարարներէ եւ այլ պաշտօնատարներէ ու գործարարներէ բաղկացած բազմանդամ պատուիրակութիւն մը։
Նոյն օրը նաեւ հաղորդուեցաւ, որ Թուրքիոյ բնապահպանութեան նախարարութիւնը իր հաւանութիւնը տուած է տեղեկագիրի մը, որ կ՛առնչուի Թուրքիոյ առաջին հիւլէակայանի կառուցման եւ բնութեան վրայ անոր ազդեցութեան։ Թուրքիա եւ Ռուսիա 2010ին ստորագրած են համաձայնագիր մը, ըստ որուն՝ հիւլէակայանը պիտի կառուցուի ռուսական ընկերութեանց կողմէ։ Կ՛ենթադրուի, որ կառուցումը պիտի սկսի 2015ին։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.