Հայաստան Այցելած Զբօսաշրջիկներուն Թիւը Կը Մօտենայ 1 Միլիոնի


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկներուն թիւը այս տարուան Յունուար–Սեպտեմբեր ամիսներուն կազմած է 941 հազար 151: Հայաստանի ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներով՝ 2013ի նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով այս թիւը աւելցած է 13.6 տոկոսով:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ Յունուար–Սեպտեմբեր 2014ին զբօսաշրջութեան նպատակով Հայաստանէն մեկնած է 886 հազար 251 մարդ, կամ 2013ի համապատասխան ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով թիւը աճած է 12.5 տոկոսով:
Ըստ պանդոկներէն ստացուած հաշուետուական տուեալներուն՝ 2014ի այդ ամիսներուն Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկներուն 28.2 տոկոսը ԱՊՀ երկիրներէն է, 33.9 տոկոսը՝ Եւրոպական Միութեան երկիրներէն, իսկ 37.9 տոկոսը՝ այլ երկիրներէ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.