Հայոց Եղեռնի 100-ամեակին՝ նոր վարժարան Ֆրանսայի մէջ


Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին, հայ ժողովուրդի գոյատեւման կամքի լաւագոյն արտայայտութիւնն է «Գէորգ Արապեան» վարժարանը, որու պաշտօնական բացումը կը նախատեսուի 2015-ի Ապրիլին։

Ալֆորվիլի «Գէորգ Արապեան» կրթարանի շինութիւնը կը շարունակուի մեծ թափով, գլխաւորութեամբ Նորվան Արքեպիսկոպոս Զաքարեանի, սերտ գործակցութեամբ շինութեան վարչութեան եւ Յակոբեան Ճարտարապետական Գրասենեակին։ Այս մասին կը հաղորդէ Յունաստանի «Ազատ օր» օրաթերթը:

Դպրոցաշինութեան մասին երկար զրոյց մը ունեցանք Նորվան Սրբազանին հետ, որու ամփոփումը կը ներկայացնենք ստորեւ.

ԲԱՐԵՐԱՐԸ՝ ԳԷՈՐԳ ԱՐԱՊԵԱՆ

Կարպիս Ջրբաշեանի ծանօթներէն Գէորգ Արապեան Պէյրութէն տրամադրութիւն կը յայտնէ յանձն առնել դպրոցի շինարարութեան հիմնական ծախսերը։ Կ. Ջրբաշեան կապի մէջ կը դնէ բարերարը Նորվան Սրբազանին հետ, երեքով միասին խօսակցութիւնները կը զարգանան եւ կը յանգին վերջնական յանձնառութեան։

«Ասիկա մեզի համար մեծ աւետիս մըն էր գործը սկսելու։ Շնորհիւ Պրն. Կարպիս Ջրբաշեանին գտնուեցաւ բարերարը եւ շնորհիւ բարերարին կրցանք բահ եւ բրիչ ձեռք առնել եւ գործադաշտը բացուեցաւ», ուրախութեամբ կը յայտնէ Նորվան Սրբազան։

ՎԱՐԿ՝ CAISSE D’EPARGNE-ԷՆ
Դպրոցի շինութեան նախապատրաստական աշխատանքներուն զուգահեռ, Նորվան Սրբազան կը լծուի դրամահաւաքի գործին, ամէնօրեայ կշռոյթով կապ պահելով իր շրջապատին եւ գաղութի անդամներուն հետ։ Բարերարին տուած գլխաւոր նուիրատուութենէն անկախ մինչեւ հիմա հաւաքուած է մօտ 600.000 եւրօ։

Սակայն ընդհանուր նախահաշիւէն տակաւին մէկ միլիոն եւրօ կը պակսէր։ Վարկի դիմում կատարուեցաւ զանազան դրամատուներու, որոնք յանձն չառին վարկ բանալ։

Ի վերջոյ մէկ միլիոն եւրոյի փոխառութիւն մը ստորագրուեցաւ Caisse d’Epargne դրամատան հետ, յարմար պայմաններով։ Այս գործի յաջողութեան համար շինարարութեան վարչութեան անդամներէն Արմէն Սերոբեանը ի գործ դրաւ իր բոլոր հնարաւորութիւններն ու բարեկամական կապերը վերոյիշեալ դրամատան տնօրէնութեան հետ, որ մեր գաղութին հանդէպ իր համակրանքը արտայայտելով ընդառաջեց մեր դիմումին։
Վարկի ստացումէն ետք արդէն 75.000 եւրօ եւս հաւաքուած է։

ՆԵՐԿԱՅԻ ՊԱՏԿԵՐԸ
Ներկայիս արդէն աւարտած են՝ շէնքի կառուցումը, կոյուղիի եւ ջրատար խողովակներու համակարգը, ատաղձագործական բաժինը, վերելակները, պատուհաններու զետեղումը։

Ընթացքի մէջ են՝ ելեկտրականութեան համակարգը, ներքին պատերը, արտաքին երեսապատումը եւ յարմարեցումները, սալայատակը, ներկը եւ ապա՝ վերջին մանր-մունր աշխատանքները, որոնցմով աւարտին պիտի հասնի ընդհանուր գործը։

Դպրոցական այս գեղեցիկ շէնքը, հայ ժողովուրդին պատիւ բերող գեղեցկութեամբ, Ալֆորվիլ քաղաքի զարդերէն մին պիտի ըլլայ այլեւս։ Հայ լեզուի ուսուցման փարոս մը՝ Սէն գետի ափին։

Թարգմանչաց ոգիով, Հայ Եկեղեցին այսօր եւս զօրավիգ է լեզուի եւ մշակոյթի զարգացման։ Ասոր համար ան սիրով տրամադրեց իր հողը, որու վրայ քոյր կազմակերպութիւն APCAF-ը յաջողեցաւ բարձրացնել այս շէնքը։

Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին, հայ ժողովուրդի գոյատեւման կամքի լաւագոյն արտայայտութիւնն է «Գէորգ Արապեան» վարժարանը, որու պաշտօնական բացումը կը նախատեսուի 2015-ի Ապրիլին։

Շատ հանգիստ կերպով աշակերտները յաջորդ տարուան Սեպտեմբերի վերամուտին կը տեղաւորուին նոր շէնքին մէջ նոր պայմաններու տակ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.