Հարցազրոյց Շուէտի Խորհրդարանի փոխնախագահ Իզապէլ Տինկիզեանի հետ


Շուէտի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, ընտրուած էր օտար ծագումով (ոչ շուէտացի) Խորհրդարանի փոխնախագահ՝ իրաքահայ Իզապէլ Տինկիզեան, իբրեւ խորհրդարանի փոխնախագահ։

«Հայերն Այսօր»-ը թարգմանած է  Ալ-Քոմբիս շուէտական արբական կայքի ստորեւ ներկայացուած հարցազրոյցը Տինկիզեանի հետ:

Պատմեցէք խնդրեմ ինչպէ՞ս գաղթած էք Շուէտ.

Հօրս աշխատանքին պատճառով տեղափոխուեցանք Շուէտ, Պաղտատի մէջ հայրս կ’աշխատէր շուէտական ընկերութեան մը մէջ, առաջարկ ստացաւ աշխատելու Շուէտի մէջ, լաւ կը տիրապետէր անգլերէն լեզուին, հետեւաբար կ’աշխատէր Շուէտի եւ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու հետ, իբրեւ միջնորդ ինքնաշարժներու ընկերութեան մը մէջ: 1965 թուականին ընտանեօք գաղթեցինք Շուէտ:

Երբ սկսաք զբաղիլ քաղաքականութեամբ. 

Ես մեծցած եմ Մալմօ քաղաքին մէջ , այնտեղ չէի զբաղեր քաղաքականութեամբ, 1989 թ. մայրաքաղաք Սթոքհոլմ փոխադրուեցայ աշխատելու, 1998թ. Botkyrka քաղաքի քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամ ըլլալէն ետք, 2006թ. կուսակցութեան կողմէն առաջադրուեցայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, քուէարկութեան արդիւնքով, ընտրուեցայ Խորհրդարանի անդամ:

Ինչո՞ւ որոշեցիք զբաղիլ քաղաքականութեամբ. 

Ես միշտ ձեւով մը եղած եմ ըմբոստ, չեմ ընդունած անարդարութիւնը, իմ ընտանիքէս ներս յայտնաբերած էի տղու եւ աղջկայ միջեւ խտրականութիւնը, յետոյ հասարակութեան մէջ եւ ամբողջ աշխարհի մէջ: Մի մոռնաք, որ մինչեւ հիմա կանայք չեն ստանար նոյն աշխատավարձը, որ կը ստանան տղամարդիկ: 

Առկայ խտրականութէն բացի մաշկի գոյնի, Շուէտի մէջ շուէտական անուն չկրողներուն դէմ, անկախ անկէ, թէ մարդը կը խօսի Շուէտերէն շատ լաւ, կամ ունի բարձր աստիճանի վկայական, կամ չունի: 

Ես կ’ուզեմ պայքարիլ մեր հասարակութեան մէջ առկայ բոլոր տեսակի անարդարութիւններու եւ խտրականութեան եւ աշխատիլ ստեղծել աւելի գեղեցիկ կեանքի հնարաւորութիւն:

Արդեօք Բնապահպանութիւն կուսակցութիւնը ինք որոշեց ձեզ եւ միւս թեկնածուները առաջադրել այս պաշտօնին: 

Անձամբ ես կը կարծեմ, որ կուսակցութիւնը կարեւորեց օտար արմատներ ունեցող մէկը ներկայացնելու հարցը, նաեւ չմոռնանք քաղաքականութեան մէջ ունեցած փորձառութիւնս, որ նոյնպէս ազդեց ընտրութեան, քանի որ այդ հարցի մէջ առաւելապէս մեծ դեր ունի է փորձառութիւնը, քան քաղաքականութեան տեսական ուսումնասիրութիւնը: 

Ես կը կարծեմ, որ կան շարք մը այլ գործօններ, այս պաշտօնին ընտրուելուս, քանի որ կուսակցութեան անդամներու մեծամասնութիւնը, նոր մտած են դատախազութեան խորհուրդ, մինչդեռ ես եւ Կանաչներ կուսակցութեան երեք անդամները 8 տարուան փորձառութիւն ունինք խորհրդարանին մէջ, (երկու յաջորդական խորհրդարանական յանձնաժողովներ), եւ իմ գիտելիքներս այդ ուղղութեամբ շատ լաւ են. 

Ձեր ընտանիք երկար ժամանակ է, որ Շուէտ տեղափոխուած է, տան մէջ ի՞նչ լեզուով կը խօսիք.

Երբ Իրաքէն գաղթեցինք երեխաներ էինք, եւ հնարաւոր չէր մեզի համար սորվիլ արաբերէն, տան մէջ ընտանիքիս հետ հայերէն կը խօսիմ. 

Ծնողներս արաբերէնը կ’օգտագործէին, երբ ուզէին բան մը խօսիլ որ մենք չհասկնանք՝ անիկա իրենց գաղտնի խօսակցութիւններու լեզուն է, այդ իսկ պատճառով ինծի համար հետաքրքրական էր սորվիլ արաբերէն լեզուն, եւ ես խնդրեցի արաբ ընկերներէս, որ արաբերէն սորվեցնեն ինծի, հիմա շատ լաւ կը հասկնամ, բայց պէտք է աւելի խօսիմ, որ կարենամ կատարելագործել զայն:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.