Ցեղասպանութեան Նուիրուած Երկու Դասանիւթ «Ռաթկըրզ» Համալսարանին Մէջ


ՆԻՒՈՒԸՐՔ.- Յառաջիկայ տարեշրջանի գարնանային կիսամեակի դասանիւթերուն մէջ «Ռաթկըրզ» համալսարանը ներառած է Ցեղասպանութեան նուիրուած երկու դասանիւթեր, որոնք պիտի մատուցուին դոկտորայի թեկնածու եւ «Արմինիըն Ուիքլի»ի նախկին խմբագիր Խաչիկ Մուրատեանի կողմէ։

Դասաւանդումները համակարգուած են Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագիրի Բարձրագոյն կրթութեան բաժանմունքին (GenEd-HigherEd) հետ։

Դասանիւթերն են՝ «Կայսերապաշտութիւն ու զանգուածային ոճիրներ» եւ «Վայրագութեանց հետեւանքներու դարմանում»։ Երկեւ պարագաներուն ալ, քննուող ցեղասպանութեանց շարքին պիտի ըլլայ Հայկական Ցեղասպանութեան պարագան։

Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (201) 739-0901 թիւին կամ highered@GenocideEducation.org հասցէին, կամ այցելել www.GenocideEducation.org կայքը, իսկ նշեալ համալսարանի Հայկական Ցեղասպանութեան դասաւանդման ծրագիրին համար՝ khatchig.mouradian@rutgers.edu եւ cghr@andromeda.rutgers.edu հասցէներուն ու (973) 353-1260 թիւին, կամ այցելել www.ncas.rutgers.edu/cghr կայքէջը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.