«Հայաստանը՝ Ոսկեգործութեան Տարածաշրջանային Կենտրոն» Ներդրումային Համաժողով Երեւանի Մէջ


ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան 27 Հոկտեմբերին ներկայ գտնուած է«Մերիտիան» ցուցահանդէսային կեդրոնին մէջ կայացած «Հայաստանը՝ ոսկեգործութեան տարածաշրջանային կենտրոն» ներդրումային համաժողովի բացման: Անիկա կազմակերպուած է «Երեւան շոու-2014» ոսկերչական միջազգային 4րդ ցուցահանդէսի ծիրին մէջ՝ Արդիւնաբերութեան զարգացման հիմնադրամի եւ «Հայ ոսկերիչների համաշխարհային միութեան» համատեղ ջանքերով:
Հայաստանի կառավարութեան եւ անձամբ իր անունով ողջունելով համաժողովի կազմակերպիչները, մասնակիցներն ու հիւրերը՝ վարչապետը նշած է, որ անիկա պիտի նպաստէ Հայաստանի ոսկեգործութեան ոլորտի զարգացման եւ ներդրումներու ներգրաւման: Յովիկ Աբրահամեանի համաձայն՝ ոսկեգործութիւնը Հայաստանի մէջ զարգացած եղած է հին ժամանակներէն, եւ հայ ոսկերիչներուն աշխատանքները յայտնի են ամբողջ աշխարհին մէջ։
«Հայաստանի կառավարութիւնը կարեւորում եւ յատուկ ուշադրութիւն է դարձնում ոսկեգործութեան, ադամանդագործութեան եւ ժամագործութեան ոլորտների զարգացմանը: Կառավարութեան կողմից հաւանութեան արժանացած արտահանմանն ուղղուած արդիւնաբերական քաղաքականութեան ռազմավարութեան շրջանակում մշակուել եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին կից արդիւնաբերական խորհրդի կողմից հաստատուել են ոսկեգործութեան, ադամանդագործութեան եւ ժամագործութեան ոլորտների ռազմավարութիւնները եւ դրանց իրականացումն ապահովող գործողութիւնների ծրագիրը, որի նպատակն է Հայաստանը դարձնել գլոբալ հայկական ոսկեգործութեան հանգոյց:
Ոսկեգործութեան ոլորտի զարգացման համար այսօր նոր խթան կը հանդիսանայ Եւրասիական տնտեսական միութեանը Հայաստանի անդամակցութիւնը, ինչը տեղական ընկերութիւններին լուրջ հնարաւորութիւններ կ՛ընձեռի շուկաների ընդլայնման եւ որակեալ հումքի ձեռքբերման հարցում», ընդգծած է վարչապետը:
Կառավարութեան ղեկավարը կարեւոր նկատած է «Մերիտիան» ոսկերչական ազատ տնտեսական գօտիի ստեղծումը՝ նշելով, որ ոսկեգործութեան զարգացման համար ձեւաւորուած է բարենպաստ հարկային եւ մաքսային դաշտ, եւ պետութիւն-մասնաւոր հատուած արդիւնաւէտ համագործակցութեան միջոցով այսօր քայլերու կը նախաձեռնուին՝ ոլորտի արտադրանքը միջազգային շուկային մէջ պատշաճ կերպով ներկայացնելու ուղղութեամբ: Ան վերահաստատած է Հայաստանի կառավարութեան պատրաստակամութիւնը՝ համատեղ ջանքերով ոլորտը բարձրացնել այնպիսի մակարդակի, որ բոլորը շարունակեն հիանալ հայ ոսկերչական արուեստով:
Ներդրումային համաժողովի աշխատանքներուն կը մասնակցին հայաստանեան եւ արտասահմանեան ոսկեգործութեան ոլորտի շուրջ 300 ներկայացուցիչներ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.