Էթիեն Մահչուփեան Նշանակուած Է Թուրքիոյ Վարչապետի Գլխաւոր Խորհրդական


«Էրմենիհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ պոլսահայ գրող, լրագրող, հրապարակախօս Էթիեն Մահչուփեան նշանակուած է Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի գլխաւոր խորհրդական:

Ան սիւնակագիր եղած է թրքական ընդդիմադիր «Զաման» օրաթերթին մէջ, ապա տեղափոխուած է իշխանամէտ «Աքշամ» օրաթերթ: Մահչուփեան անդամ է քրտական հարցի կարգաւորման առաջարկներու մշակման համար 2013-ին ստեղծուած «Իմաստուններու խորհուրդին», որուն մէջ ներառուած են ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու, գիտական ու լրագրական շրջանակներու աւելի քան վեց տասնեակ ներկայացուցիչներ:

Իշխանամէտ օրաթերթերէն «Սապահ»-ը կը գրէ, որ նախկին վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` հայութեան յղած ցաւակցական ուղերձէն ետք Տաւութօղլուի խորհրդականի պաշտօնին ազգութեամբ հայու նշանակումը կարեւոր քայլ է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը զարգացնելու համար:

Ըստ «Սապահ»-ի, Մահչուփեան այդ պաշտօնը ստանձնելու առաջարկը ստացած է անձամբ վարչապետէն` անցեալ շաբաթ, երբ տեղի ունեցած է «Իմաստուններու խորհուրդի» հերթական ժողովը, որուն աւարտին Տաւութօղլուն հանդիպած է Մահչուփեանի հետ եւ անոր առաջարկած ստանձնել գլխաւոր խորհրդականի պաշտօնը: Մահչուփեան ընդունած է առաջարկը եւ նշանակուած է:

Տաւութօղլու կարեւոր նկատած է Մահչուփեանի ունեցած ներդրումը Թուրքիոյ ժողովրդավարացման, քաղաքացիական հասարակութեան ձեւաւորման, պետական ու հանրային նիւթերու մէջ կառուցողականութեան դրսեւորման գործին մէջ: Կը նշուի նաեւ, որ Մահչուփեան դերակատարութիւն պիտի ունենայ հայկական հարցի կարգաւորման գործին մէջ, մանաւանդ որ Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք «Ակօս» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրի պարտականութիւնները կատարելու ընթացքին արդէն ձեռք բերած էր հանրային լայն ճանաչում:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.