«ՆՈՒՌ» Ծրագիրով Լեռնային Ղարաբաղի Եւ Հայաստանի Մէջ 7100 Երեխաներ Համակարգիչ Ստացած Են


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «ՆՈՒՌ» ծրագիրը կ՛ընդարձակէ իր գործունէութեան աշխարհագրութիւնը: Եթէ նախորդ տարիներուն արժանթինահայ բարերար Էդուարդօ Էռնեկեանի նուէր XO համակարգիչները կը բաշխուէին Ստեփանակերտի, Շուշիի եւ Քարին տակի առաջինէն չորրորդ դասարանի բոլոր աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն, ապա այս տարի արդէն ՆՈՒՌ ծրագիրին մէջ ներառուած են 6 նոր շրջաններ՝ Հադրութ, Բերձոր, Քարվաճառ, Մարտակերտ, Մարտունի եւ Ասկերան: «Ֆրութֆուլ Արմինիա» հիմնարկէն տեղեկացուցած են, որ 2014-2015 ուսումնական տարին ՆՈՒՌ ծրագիրը պիտի նշէ նաեւ մեծ արհեստագիտական անցումով։ Առաջինէն 4րդ դասարանցիներուն յանձնուած XO տիպի համակարգիչներէն բացի, Ստեփանակերտի եւ Շուշիի 6րդ դասարանցիներուն պիտի յանձնուին Classmate տիպի համակարգիչներ:
Classmate տիպի համակարգիչները նախատեսուած են պատանեկութիւն թեւակոխող աշակերտներուն համար: Classmate-ը կ՛աշխատի Windows 8ի հիման վրայ, ինչը առիթ կու տայ զանազան աշխատանքներ կատարելու, խաղեր խաղալու եւ ստեղծագործական աշխատանք ծաւալելու:
Նոր համակարգիչը ունի նաեւ ստեղծագործական ջիղ խթանող ու անոր զարգացման նպաստող կարելիութիւններ՝ նկարելու եւ գունաւորելու միջոցներ, համացանցային տեսախցիկ՝ ձայնագրիչով, որոնք երեխաներուն կարելիութիւն կու տան արտայայտուելու եւ կապ հաստատելու տեսողական դաշտին մէջ, նաեւ լուսանկարելու ու տեսագրելու, հետագային այդ նիւթերը խմբագրելով: Բացի ատկէ, այս սարքերը կը տրամադրեն նաեւ ընթերցանութեան միջոցներ, որոնք պիտի օգնեն աշակերտներուն սորվելու եւ յառաջդիմելու։
Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի մէջ արդէն 7100 երեխայ ստացած է նոր համակարգիչ, որուն 750ը Classmate տիպի, որոնք բաժնուած են Ստեփանակերտի եւ Շուշիի 6րդ դասարանցիներուն: Նախքան համակարգիչներու յանձնումը, կը կազմակերպուին դպրոցներու ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացքներ:
Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան կողմէ համացանցային կապի ապահովումէն ետք հիմնարկը պիտի շարունակէ կրթական նպատակներով ստեղծուած համակարգիչներու յանձնումը Արցախի միւս շրջաններու դպ-րոցներուն։ Համակարգիչները աշակերտներուն կը տրուին որպէս սեփականութիւն: Այս նախաձեռնութիւնը ոչ միայն բարձրորակ կրթութիւն ստանալու կարելիութիւն կու տայ, այլեւ մեծապէս կը նպաստէ երեխաներու տեղեկացուածութեան աստիճանի բարձրացման ու աշխարհին հետ անոնց կապին:
«Միջազգային համայնքը Լեռնային Ղարաբաղը պատկերացնում է պատերազմի եւ տարածաշրջանային հակամարտութիւնների շրջանակում: Մարդիկ չեն նկատում այնտեղ ծնուող եւ ապրող երեխաներին: Այդ երեխաները համընդհանուր կրթութիւն եւ տեղեկութիւն ստանալու իրաւունք ունեն: Մտադրութիւն ունեմ ՆՈՒՌի միջոցով լրացնել բացը եւ Լեռնային Ղարաբաղի երեխաներին տալ լաւագոյն կրթութեան հնարաւորութիւն, որն այսօր առաջարկում է աշխարհը», յայտնած է Է. Էռնեկեան:
ՆՈՒՌը կ՛ուզէ բարելաւել կրթական ոլորտը՝ արհեստագիտութիւնը ներառելով դասարաններուն, դպրոցներուն եւ ընտանիքներուն մէջ։ ՆՈՒՌի նպատակն է նաեւ նախապատրաստել կրթութեան ոլորտի մասնագէտներ՝ անոնց առաջարկելով համակարգիչները դասարաններուն մէջ արդիւնաւէտ կերպով օգտագործելու մանկավարժական նոր մեթոտներ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.