100 Տուն Անապահով Ընտանիքներու` Ցեղասպանութեան 100-ամեակին Ընդառաջ


Հայոց Մեծ եղեռնի 100-ամեայ տարելիցը ոգեկոչելու նպատակով շուրջ մէկ տարի առաջ Հայաստանի «Ֆուլեր Տնաշինական Կեդրոնը» մեկնարկեց նոր ծրագիր, որուն նպատակն է մինչեւ 2015թ.-ի Դեկտեմբեր ամիս կառուցել եւ վերանորոգել 100 տուն 100 կարիքաւոր ընտանիքի համար:          Ծրագիրի մեկնարկէն առ այսօր աջակցութիւն
ցոյց տրուած է արդէն  68 ընտանիքներու: Ծրագիրի նպատակակէտին հասնելու համար մնացած է աջակցելու 32 ընտանիքներու:

«Մենք մեր երախտագիտութիւնը կը  յայտնենք մեր բոլոր աջակիցներուն, որոնք միացած են մեզի` յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն` կառուցելով տուներ այնպիսի ընտանիքներու համար, որոնք չունին մշտական բնակութեան վայր կամ կ’ապրին անմխիթար պայմաններու մէջ: Յոյս ունինք, որ մինչեւ 2015թ.-ի Դեկտեմբեր ամիս մենք կը հասնինք ծրագիրի նպատակակէտին` աջակցելով 100 ընտանիքի»,- ըսած է Հայաստանի «Ֆուլեր տնաշինական Կեդրոնի» նախագահ Աշոտ Եղիազարեան:

Մենք կոչ կ’ընենք աշխարհասփիւռ հայութեան միանալու մեզ եւ յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներ կամ վերապրածներ դարձած իրենց նախնիներուն եւ հարազատներուն` անոնց յիշատակին կառուցելով տուներ անմխիթար պայմաններու մէջ ապրող հայ ընտանիքներու համար, ըսուած է  «Ֆուլեր տնաշինական Կեդրոնի» տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Մէկ տուն ֆինանսաւորելու համար անհրաժեշտ գումարը կը կազմէ 10500 ԱՄՆ տոլար:

Տան շինարարութիւնը աւարտելուն պէս տուն ֆինանսաւորած բոլոր նուիրատուները «Ֆուլեր Տնաշինական Կեդրոնի» կողմէ կը ստանան հաւաստագիր եւ աւարտուն տան նկարները:  Ծրագիրն արդէն ունի տուն հովանաւորած      առատաձեռն    նուիրատուներ,   ինչպէս  տիկ. Արլէն Հաճինլեանը   Նիւ Եորքէն,  տիկ. Սանտրա
Շահինեան Լէյթները Նիւ Ճերսիէն, Քէնդըն եւ Մինաքեան ընտանիքները Նիւ Եորքէն,Ռէյսինի (Վիսկոնսին) հայկական համայնքը եւ այլ նուիրատուներ:

Եղեռնի 100-ամեայ տարելիցի ոգեկոչման այս շարժման միանալու համար կարելի է ուղարկել նուիրատուութիւնըՖուլեր Տնաշինական Կեդրոն» ԲՀԿ, Ամերիաբանկ հ/Հ 15700 05330400100-ին:Առցանց նուիրատուութիւններու համար (յատկապէս ԱՄՆէն)` http://weblink.donorperfect.com/ FCH_Armenia100:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.