Թուրքիան Պէտք Է Անցեալին Հետ Հաշտուի. Գերմանիոյ Դեսպան


ԵՐԵՒԱՆ, «Մեդիամաքս».- Հայաստանի մօտ Գերմանիոյ դեսպան Ռայներ Մորել Հինգշաբթի Հոկտեմբեր 9ին յայտնած է, որ Թուրքիա պէտք է անցնի իր անցեալին հետ հաշտուելու սեփական ուղիէն:
Մորել, ելոյթ ունենալով «Խաղաղութեան կորստից մինչեւ Եւրոպական Միութեան հիմնումը» թեմայով համաժողովին՝ ըսած է, որ Գերմանիա կրցաւ կատարել այդ քայլը՝ ներողութիւն հայցելով հրեայ ժողովուրդէն:
«Իմ կարծիքով՝ իւրաքանչիւր պետութիւն պէտք է անցնի անցեալի հետ հաշտուելու սեփական ուղիէն: Այսօր Թուրքիա այդ պատրաստակամութիւնը չի ցուցաբերեր Հայաստանի հանդէպ: Հաւանաբար, Թուրքիոյ յաւելեալ ժամանակ անհրաժեշտ է՝ իր անցեալին մասին մտածելու, իր անցեալը ըմբռնելու համար: Կը կարծեմ, որ մենք իրաւունք չունինք այս հարցով որեւէ պետութեան բան մը պարտադրելու», նկատել տուած է դեսպանը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.