Հայրենիք-Սփիւռք Համաժողովին Պիտի Քննարկուին Ցեղասպանութեան 100ամեակին Եւ Սուրիահայութեան Վերաբերող Հարցեր


 

18-21 Սեպտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայրենիք-Սփիւռք համահայկական հինգերորդ համաժողովը: Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի խնդրանքով, սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է համաժողովի կազմակերպման նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին: Ան դիտել տուած է, որ արդէն Սփիւռքի 600է աւելի կառոյցներու ղեկավարներ հաստատած են իրենց մասնակցութիւնը եւ այդ գործընթացը կը շարունակուի: «Գիտէք, որ այդ համաժողովին մասնակցում են Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի բոլոր համահայկական կառոյցների ղեկավարները, մասնակցելու են Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը, Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.ը, Կաթողիկէ պատրիարքը եւ միւս բոլոր առաջնորդները: Համաժողովը տեղի կ՛ունենայ Օպերայի եւ բալետի ազգային ակադեմիական թատրոնում, այն կը բացի հանրապետութեան վարչապետը», դիտել տուած է Յակոբեան:
Ըստ անոր՝ համաժողովը տեղի պիտի ունենայ երկու մասով՝ լիագումար եւ ըստ ուղղութիւններու նիստեր: Համաժողովի աշխատանքները պիտի կատարուին Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամ-եակին ընդառաջ թեմայով, երկրորդ նիւթը պիտի առնչուի սուրիահայութեան եւ արտակարգ իրավիճակի մէջ գտնուող հայերու անվտանգութեան հիմնախնդիրներուն, երրորդ հարցը՝ լեզուի պատշպանութեան եւ մամուլին, չորրորդը՝ հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան կառուցակարգերու կատարելագործման: Համաժողովի ծիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ նաեւ զանգուածային լրատուամիջոցներու 7րդ համաժողովը, պիտի մասնակցին Սփիւռքէն 120 խմբագիրներ եւ հայաստանեան մամուլի ներկայացուցիչները:
Համաժողովի մասնակիցները պիտի ընդունի հանրապետութեան վարչապետը, այնուհետեւ անոնք պիտի այցելեն Ազգային ժողով: Անոնք մեծ փափաք յայտնած են հանդիպելու նաեւ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի հետ: 21 Սեպտեմբերին սփիւռքահայերը պիտի մասնակցին Հայաստանի անկախութեան օրուան նուիրուած հանրապետութեան նախագահի ընդունելութեան:
Հրանոյշ Յակոբեան զեկուցած է, որ՝ վարչապետին յանձնարարութեամբ, նախապատրաստական աշխատանքները համապատասխան գերատեսչութիւններու, նախարարութիւններու եւ կառոյցներու հետ յաջողութեամբ կ՛ընթանան։
Կառավարութեան նիստին որոշում տրուած է, որ Հայաստան-Սփիւռք 5րդ համաժողովին մասնակցելու նպատակով Հայաստան ժամանող օտար քաղաքացիները զերծ կացուցուին մուտքի արտօնագիրի տրամադրման համար նախատեսուած պետական տուրքի վճարումէն:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.