50 տարի առաջ Սասնոյ մէջ կ՚իսլամանար հայկական գիւղ մը


Աջար գիւղը

ԱԿՈՒՆՔ.- «Հիւրիէթ» օրաթերթի 1964 թուականի Ապրիլ 7-ի թիւին մէջ տպագրուած տեղեկատուութեան մը համաձայն, Թուրքիոյ մէջ Հայկական Ցեղասպանութենէն ետք գոյատեւող հայկական գիւղի մը ամբողջ բնակչութիւնը իսլամացած է: Այս մասին կը հաղորդէ Akunq.net-ը` հիմնուելով Sasun.org թրքալեզու կայքին հրապարակած տեղեկութեան վրայ:
Ըստ աղբիւրին` Սասուն գաւառին ենթակայ Աջար գիւղի` 30 տունէ բաղկացած բնակչութիւնը Պաթմանի միւֆթի Ալա Էլտին Եավուզի ներկայութեամբ իսլամիութիւն ընդունած է: Գիւղի եկեղեցին մզկիթի վերածուած է, բնակիչներու անունները փոխուած են, իսկ բոլոր տղայ երեխաները` թլփատուած:
Քրիստոնեայ այս գիւղի 88 հոգինոց բնակչութիւնը, որուն 48-ը երեխաներ էին, 40-ը կիներ ու տղամարդիկ, հարկադրուած եղած են մզկիթի վերածել գիւղի հարիւրամեայ եկեղեցին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.