Ճատրակ. Արաբական Երկիրներու Աղջկանց Ախոյեանութիւն. Նանօր Առնելեան Հանդիսացաւ Երրորդ


0828_nanorհինգշաբթի, 28 օգոստոսին, Յորդանանի մէջ աւարտեցաւ ճատրակի արաբական երկիրներու աղջկանց ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան 9-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները:

Լիբանանահայ Նանօր Առնելեան (Մեսրոպեան) յաղթանակի մը պարագային պիտի ըլլար առաջին երկու դիրքերէն մէկուն մէջ: Սակայն ան դժբախտաբար պարտութիւն մը կրելով գրաւեց 3-րդ դիրքը եւ տիրացաւ պրոնզ մետալին` ապահովելով 7 կէտ:

Եթէ պատահէր, որ ան նոյնիսկ մետալի մըն ալ չտիրանար, արդէն իսկ մեծ նուաճում մը կատարած պիտի ըլլար Լիբանանի համար, որովհետեւ իր տպաւորիչ մրցումներով եւ սքանչելի խաղարկութեամբ մեծապէս տպաւորեց ներկայ հանդիսատեսները ու նոյնիսկ իրաւարարները:

Կը շնորհաւորենք Նանօր Առնելեանը, որ Յորդանանի մէջ բարձր պահեց լիբանանահայութեան անունը եւ պրոնզ մետալով կը վերադառնայ Պէյրութ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.