Թուրքերը Տօնած Են Անիի Գրաւումը


«Սիվիլնեթ» կը գրէ, որ Բագրատունեաց Հայաստանի մայրաքաղաք Անիի մէջ վերջերս նշուած է թուրքերու Կարսէն Անատոլու ներխուժելու 950-ամեակը: Ձեռնարկին գործադրման աջակցած են Կարսի նահանգապետարանը, քաղաքապետարանը, «Կովկաս» հիմնարկը եւ թրքական շարք մը այլ հասարակական կազմակերպութիւններ: Ձեռնարկի կազմակերպման գործին մէջ մեծ եղած է Ազգայնական շարժում կուսակցութեան դերը:

Թրքական «Թուրնուսոլ» կայքը հեգնանքով կը գրէ, որ թուրքերը «այս անգամ ալ գրաւեցին հայ թագաւորներու մայրաքաղաք Անին»: Կայքը կը գրէ, որ հայոց Բագրատունեաց տոհմի թագաւորներու մայրաքաղաք Անիի մէջ, ուր ամբարուած են հայկական մշակութային ժառանգութեան կարեւոր յուշարձանները, տեղի ունեցած է տարօրինակ արարողութիւն մը: Ձեռնարկին մասնակիցները Անիի պարիսպներուն մօտ ծածանած են Թուրքիոյ դրօշը, որմէ ետք այն վայրին մէջ, ուր կը պնդեն, որ Ալփասլան սուլթան ձիէն իջած ու ճօճած է թուրը, ներկայացում կատարած են Թուրքիոյ ազգային կրթութեան նախարարութեան ժողովրդական պարի խումբերը:

Աւանդական պարէն ետք մասնակիցները շրջած են Անիի աւերակներուն մէջ, այցելած Մանուչէի մզկիթ, ապա` Մայր տաճար: Կարս-Անի միջազգային առաջին գիտաժողովի նախագահ Օքթայ Պելլի յայտարարած է. «Այստեղէն կը ձայնենք աշխարհին: Անիէն սկսած ենք քաղաքակրթութիւնը տարածել աշխարհի մէջ: Թրքական, իսլամական աշխարհի, Անատոլուի, Պալքաններու, Կեդրոնական Եւրոպայի առաջին մզկիթը Անիի մէջ կառուցած ենք, առաջին նամազը այստեղ կատարած ենք: Առաջին իջեւանները այստեղ կառուցած ենք: Մենք որքան ալ պարծենանք Անիով, միեւնոյնն է` քիչ է»:

Նահանգապետ Կիւնայ Էօզտեմիրն ալ յայտարարած է, որ Անիի գրաւումը թրքական աշխարհի, ինչպէս նաեւ համաշխարհային պատմութեան տեսանկիւնէն կարեւոր եւ շրջադարձային նշանակութիւն ունի: «Անատոլուի գրաւումը Անիի գրաւումով սկսաւ, Անատոլուի մէջ քաղաքակրթութեան մուտքը սկսաւ Անիէն: Այդ իսկ պատճառով աշխարհի համար այդքան կարեւոր նշանակութիւն ունի Անիի նուաճումը», ըսած է Էօզտեմիր:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.