Այնթապի Մէջ Լարուածութիւն Եւ Խուճապ Կը Ստեղծուի Սուրիացի Գաղթականներուն Պատճառով


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Այնթապ քաղաքը, որ Սուրիոյ սահմանին մօտիկ քաղաք ըլլալու հանգամանքով՝ իր դռները բացած է Սուրիայէն խոյս տուած գաղթականներուն, այժմ հարցեր կը դիմագրաւէ այդ գաղթականներուն հետ։ Յայտնի է, որ որոշ շրջանակներ գոհ չեն սուրիացի գաղթականներու ներկայութենէն ու գրգռութիւններ կ՛ընեն այդ «հիւրերուն» դէմ։
Անցեալ օր վարձակալ սուրիացիներ սպաննած էին իրենց թուրք տանտէրը՝ լարուած մթնոլորտ մը ստեղծելով սուրիացիներուն դէմ, բայց Օգոստոս 18ին, յանկարծ, ամբողջ քաղաքին մէջ տարաձայնուեցաւ, թէ սուրիացիները թոյն խառնած են քաղաքի ջուրի ցանցին մէջ՝ մեծ խուճապ ստեղծելով։
Քաղաքապետ Ֆաթմա Շահին յայտնեց, որ կատարուածը անհիմն պնդում մըն է. մասնագէտներ զանազան կէտերու մէջ քննած են ջուրը ու ջուրին մէջ անբնական ոչինչ գտած են։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.