ՀՕՄ-Ի «ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ» ԾՐԱԳԻՐՆԵՐԸ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ


Հակառակ Հալէպի մէջ տիրող քաղաքական եւ կենցաղային ծանր պայմաններուն՝ մասնաւորապէս Նոր Գիւղ շրջանի ապահովական դժուարութիւններուն, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը, իրագործելով ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ Միաւորներու ներդրումով ՀՕՄ-ի ծրագիրները:

Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ «Պնակ մը Տաք Ճաշ» ծրագիրը, ծնունդ առած Սուրիոյ տագնապի սկզբնական օրերուն` հոկտեմբեր 2012-ին, կարիքաւոր, բազմազաւակ ընտանիքներու եւ անկարող տարեցներու ուղուած այս ծրագիրը, շաբաթական 300 անձի տաք եւ լիարժէք սնունդով ճաշ կը մատակարարէ: Քաղաքի շրջափակման եւ սննդանիւթերու սակաւութեան ամենածանր օրերուն իսկ անընդատ շարունակուած այս ծրագիրը,Նոր Գիւղ շրջանի եւ ՍՕԽ-ի Ընկերաբժշկական կեդրոնի կրած վնասներուն հետեւանքով կարճ ժամանակակամայ դադրեցաւ: Յունիս 19, 2014-ին, ՍՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ճիգերով, կարելի եղաւ վերականգնել սոյն ծրագիրը՝ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնի «Գառնի» ճաշասրահին մէջ, ուր ներկայիս շաբաթական երկօրեայ դրութեամբ տաք ճաշ կը մատուցուի կարիքաւորին:

ՀՕՄ-ի ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի «Երաշխաւորէ Սուրիահայ Ընտանիք մը» ծրագրի երրորդ փուլը գործադրուեցաւ հինգշաբթի, 3 յուլիս, 2014-ին, «Արամ Մանուկեան» Ժողովրդային Տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս: Նորածին երեխայ ունեցող քառասուն ընտանիքներու տրամադրուեցաւ $4,000 ԱՄՆ, իւրաքանչիւր ընտանիքին յատկացնելով՝ $100 ԱՄՆ:
Սուրիահայ օժանդակութեան աշխատանքներուն ծիրէն ներս, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը երկու յաջորդական տարիներ նիւթական յատուկ յատկացումով կ՛օժանդակէ նաեւ ՍՕԽ-ի խնամատարական աշխատանքներուն,համաձայն որուն, 250 ընտանիքներ ամսական դրութեամբ կը ստանան սննդակողովներ կամ կենցաղային անհրաժեշտ նիւթեր: Ընթացիկ ամսուան մէջ, սննդեղէնի օժանդակութեան փոխարէն, ուրբաթ, յուլիս 25, 2014-ին, ՍՕԽ-ի Ընկերաբժշկական կեդրոնէն ներս, 250 կարիքաւոր ընտանիքներ ստացան նիւթական օժանդակութիւն:

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութիւններով եւ աշխարհասփիւռ միաւորներու անվերապահ աջակցութեամբ հզօրացած, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը կենցաղային ծանր պայմաններու տակ իսկ կը շարունակէ նեցուկ կանգնիլ կարիքաւորին:
Վերոնշեալ ծրագիրներուն կողքին, ՀՕՄ-ը կը շարունակէ նպաստել հայկական վարժարաններուն՝ «Դպրոց» ֆոնտին միջոցաւ: Առաւելաբար, 2013-ին հաստատուած «Տաքուկ բնակարան» ծրագիրը, ձմրան ընթացքին, ջերուցման անհրաժեշտ վառելանիւթով կ՛ապահովէլուրջ դժուարութիւններ դիմագրաւող Հալէպահայ կարիքաւոր ընտանիքները:

ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը բարձր գնահատելով ՀՕՄ-ի համակիրներուն եւ Միաւորներուն նուիրեալ աշխատանքը, կը շարունակէ քաջալերել անոնց ներդրումըի դէպ մարդասիրական օժանդակութեան ծրագիրներու յաջողութեան:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.