Երեւանի Մէջ Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքի Փակում Եւ Արցախ Մեկնում


ԵՐԵՒԱՆ.- Համազգայինի ուսանողական հաւաքին մասնակիցները Չորեքշաբթի երեկոյեան յատուկ հանդիսութեամբ Երեւանի մէջ փակումը կատարեցին հաւաքին եւ 31 Յուլիսին մեկնեցան Արցախ:
Նախորդող օրերուն հաւաքի մասնակիցները ունեցած էին բաւական ճոխ եւ բազմաբնոյթ առօրեայ:
Կիրակի, Յուլիս 27ին, անոնք եւս նշեցին Վարդավառը, մասնակից դարձան տօնակատարութիւններուն եւ առաւօտեան ժամերէն սկսեալ ջուրով խաղեր վայելեցին:
Կէսօրին ֆորումականները այցելեցին Սարդարապատ հերոսամարտի յուշակոթող եւ ազգագրութեան թանգարան: Երեկոյեան, հանդիպում տեղի ունեցաւ «Դէպի Հայք» հիմնարկի տնօրէն Սեւան Գապաքեանի եւ «Repat Armenia»ի տնօրէն Վարդան Մարաշլեանի հետ: Ֆորումականները հայրենադարձութեան եւ հայրենիքի մէջ կամաւոր աշխատանք տանելու մասին իրենց հարցումները ուղղեցին օրուան հիւրերուն:
Երկուշաբթի, Յուլիս 28ին ֆորումի մասնակիցները մեկնեցան դէպի Ծաղկաձոր եւ բարձրացան ճոպանուղի:
Ապա, անոնք այցելեցին Ծաղկաձորի «Տիրամայր Հայաստան»ի ճամբարը, եւ ամբողջ օր մը անցուցին ճամբարին մասնակցող ծնողազուրկ ու կարիքաւոր պատանիներուն հետ: Անոնք ծանօթացան իրարու, միասին ճաշեցին ու խաղացին, եւ նուիրատուութիւն կատարեցին:
Երեկոյեան, ֆորումականները ներկայ գտնուեցան Ռուբէն Հախվերտեանի ելոյթին, որմէ ետք միասնաբար ընթրեցին Երեւանի ճաշարաններէն մէկուն մէջ:
Երեքշաբթի, Յուլիս 29ին, ուսանողական հաւաքի մասնակիցները այցելեցին æիւանիի աշուղական դպրոց, ուր դպրոցի տնօրէն Թովմաս Պօղոսեան դասախօսեց ազգային նուագարաններու մասին:
Ապա, անոնք այցելեցին Սաղմո-սավանք, տառերու պուրակ, Արագած, Ամբերդ եւ ճաշեցին Արագածի լանջին: Երեկոյեան, ֆորումականները վայելեցին երեւանի գիշերային կեանքը:

Չորեքշաբթի 30 Յուլիս 2014ը, 20րդ Ֆորումի վերջին օրն էր Երեւանի մէջ: Առաւօտեան, ֆորումի մասնակիցները այցելեցին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւն եւ տեսակցեցան նախարար Հրանուշ Յակոբեանի հետ:
Կէսօրէն ետք, տեղի ունեցաւ ֆորումի եզրափակիչ հանդէսը, Համազգայինի թատերասրահին մէջ: Ուսանողները հանդէս եկան երգով, պարով, նուագով, ասմունքով եւ թատերական ներկայացումով մը: Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ վկայագիրներու բաշխում: Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան անունով խօսք առաւ Թամար Հաշողլեան եւ պարգեւատրեց դոկտ. Հրանդ Մարգարեանն ու Զեփիւռ Օհաննէսեանը, իբրեւ երախտագիտութիւն ֆորումի ծրագրաւորումի եւ գործադրումի իրենց ունեցած երկար տարիներու ներդրումին համար:
Երեկոյեան տեղի ունեցաւ վերջին ընթրիք Երեւանի մէջ, որուն ներկայ էին նաեւ Հայաստան գտնուող նախկին ֆորումականներ:
Օգոստոսի 1ին, ԼՂՀ ԱԺ նիստերու մեծ դահլիճին մէջ «Համազգայինի ուսանողական ֆորում-2014» մասնակիցները հանդիպեցան ԼՂՀ Խորհրդարանի գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ սպորտի հարցերու յանձնաժողովի անդամ պատգամաւորներու՝ Արմէն Սարգսեանի, Վարդգէս Բաղրեանի եւ Ռոմելա Դադայեանի հետ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.