Հրազդանի Եւ Աբովեանի Մէջ Սկսած Են ՀՅԴ–ԼԵՄի Կազմակերպած Ճամբարները


ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».– ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան (ԼԵՄ) անդամները արդէն 5րդ տարին ըլլալով ուսուցողական ճամբարներ կը կազմակերպեն Հայաստանի տարբեր մարզերուն մէջ՝ փորձելով տարածել ազգային յեղափոխական արժէքներն ու գաղափարախօսութիւնը: Այս տարի ճամբարներ կազմակերպուած են Հրազդանի եւ Աբովեանի մէջ, ուր մանուկներուն եւ պատանիներուն հետ աշխատանք պիտի տանին ԼԵՄականները, որոնց համար այս առաքելութիւնը մեծ կարեւորութիւն ունի։
Հրազդանի մէջ գործող ճամբարը թէեւ նորաբաց է, բայց երեխաներու թիւը բաւական մեծ է: Բացման առաջին օրէն մասնակիցներուն թիւը աւելցաւ եւ հասաւ 150ի: Հրազդանի Դաշնակցութեան Երիտասարդական կեդրոնի կազմակերպիչին համաձայն՝ տեղւոյն բնակչութիւնը մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է այս ճամբարին նկատմամբ, ու մեծ թիւով ծնողներ ճամբարի բացումէն ետք եւս շատ խնդրած են, որ իրենց զաւակները եւս կարենան միանալ ճամբարին։
Ճամբարին ընթացքին կը գործադրուին տարբեր ծրագիրներ՝ դաստիարակչական, ազգային, մշակութային բնոյթի, ինչպէս նաեւ կը կազմակերպուին խաղեր, ժամանց եւ այլն։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.