Հ.Յ.Դ. Գանատայի Պատանեկան Միութեան անդամները այցելեցին «Արամ Մանուկեան Ճամբար»


23 Յուլիս 2014-ին, Շուշիի մէջ, Հ.Յ.Դ. Գանատայի Պատանեկան Միութեան անդամները այցելեցին «Արամ Մանուկեան Ճամբար»ը:
Անոնք իրենց հետ բերած նուէրներ բաշխեցին Ճամբարի ընթացիկ խումբի երեխաներուն, եւ յանձնեցին նաեւ մեծաքանակ նուէրներ, որ բաժնուին Ճամբարի երեխաներու յաջորդական խումբերուն:

Այցելուները ապա երեկոն անցուցին Ճամբարի պատանի օժանդակներու ջոկատին հետ:

Այսպէսով, Գանատայի եւ Արցախի պատանիները իրարու հետ ծանօթացան, զուարճացան, պտտեցան, ընթրեցին, խաղացին, պարեցին, յիշատակի համար խորհրդանշական նուէրներ փոխանակեցին երկուստեք, իրարու միջեւ ամուր կապեր հաստատեցին: 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.