Թուրք լրագրողը պատրաստ է իր կեանքի գնով Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ճշմարտութիւնը ըսել


Վերջին տարիներուն Թուրքիոյ մէջ աւելցած են այն մտաւորականները, որոնք աչքի տակ ունենալով հետապնդումներու եւ սպառնալիքներու ենթարկուելու հաւանականութիւնն ու իրենց գործընկերներու դաժան փորձառութիւնը, ճշմարտութիւնը ըսելը վեր կը դասեն։ Նման մտաւորականներու շարքին կը դասուի Թուրքիոյ մէջ բնակող լազ գրող-բանաստեղծ Սերքան Էնկինը։ Արմէնփրես-ի հետ զրոյցին ընթացքին ան խօսած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին՝ ճշմարտութիւնը վեր դասելով նոյնիսկ սեփական կեանքէն։

– Ապրելով Թուրքիոյ մէջ՝ Դուք ազատօրէն կը խօսիք Հայոց ցեղասպանութեան մասին, մինչդեռ Թուրքիոյ մէջ Հայկական հարցի մասին թրքական պետական դիրքորոշումը չարտայայտող անձեր մշտապէս կ՚ենթարկուին սպառնալիքներու։ Չէ՞ք վախնար, որ ձեզ ալ հալածեն կամ հետապնդումներու կ՚ենթարկեն։

– Ես չմ վախնար մահէն։ Ի սկզբանէ նկատի ունեցած եմ այդ մէկը։ Ես պատրաստ եմ մահուան։ Ես մէկն եմ, որ պատրաստ է մինչեւ վերջ պաշտպանել իր ճշմարտութիւնը։ Գիտեմ, որ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ իմ գրածներուս պատճառով կրնամ Հրանդ Տինքի նման փողոցին մէջտեղ սպաննուիլ Կը գրեմ այս սպառնալիքները աչքի տակ ունենալով։ Բացի այդ, ստեղծագործութիւններուս մէջ կը խօսիմ ոչ միայն Հայոց ցեղասպանութեան, այլ նաեւ ասորիներու, քաղդիացիներու, նեսթորականներու, պոնտոսեան յոյներու ցեղասպանութիւններուն մասին։

– Ի՞նչ կը կարծէք, կրնա՞ք ձեր ստեղծագործութիւններն այս հարցին մէջ փոխել Թուրքիոյ մէջ մեծցող նոր սերունդներու հայացքները։ Ապագային կարելի՞ է, որ անոնք կոտրեն ներկայիս երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող կարծրատիպերը։

– Այո՛, նպատակս ալ ճիշդ այդ է. Հայոց ցեղասպանութեան եւ մեր թուրք նախնիներու իրագործած միւս ցեղասպանութիւններու վերաբերեալ տեղեակ պահել եւ մատնանշել պաշտօնական սուտերը։ Ի հարկէ այս փոփոխութիւնը չի կրնար ըլլալ միայն իմ ստեղծագործութիւններով, սակայն եթէ ես այլ քաջ մտաւորականներ շարունակեն գրել, երիտասարդները, ովքեր թունաւորուած են ֆաշիստական-քեմալական վարչակարգի ցեղապաշտական կրթական համակարգով, պիտի սկսին նկատել իրականութիւնը… Գիտակցումը պիտի յառաջացնէ կարեկցանք, իսկ կարեկցանքը պիտի խորացնէ մարդկային խիղճը…Կը կարծեմ, որ ցեղասպանութիւնները ընդունիլ հնարաւոր է միայն խոր խիղճի գոյութեան պարագային։

 – Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարելիցին նախօրեակին թրքական կառավարութեան ուրացման քաղաքականութիւնը կրնա՞յ փոխուիլ։

– Դժբախտաբար այս հարցին մէջ հիմնական դիրքորոշումը պիտի չփոխուի։ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.