Իսլամ Ծայրայեղականները Կը Փորձեն Սուրիոյ Քրտական Շրջաններուն Տիրել


ՊԷՅՐՈՒԹ, «Մայատին».- Իսլամական պետութիւն խմբաւորումը կը փորձէ տիրել հիւսիսային Սուրիոյ քրտական Այն Արապ կամ Քոպանի շրջանին, ուր անոր եւ Քրտական ժողովրդային պաշտպանութեան ուժերուն միջեւ բուռն բախումներ տեղի կ՛ունենան: Ծայրայեղականները, բախումներուն ընթացքին, սկսած են իրաքեան բանակի պահեստանոցներէն գրաւուած զէնքերն ու հրասայլերը օգտագործելու, եւ քիւրտերը ունին այն մտավախութիւնը, որ իսլամական շարժումը կրնայ գրաւել իրենց շրջանները:
Ծայրայեղականները նպատակ ունին Սուրիոյ մէջ Եփրատի երկու ափերուն՝ Թուրքիոյ սահմանէն մինչեւ Իրաք տիրելու, որովհետեւ այդ շրջանին մէջ ուժանիւթի կեդրոններ եւ արգասաբեր դաշտեր գոյութիւն ունին:
Արեւմտեան Քիւրտիստանի խորհրդարանի նախագահ Իլհամ Ահմետ կը յայտնէ, որ ծայրայեղականները կ՛ուզեն այդ շրջանը Իսլամական պետութեան կցել ու յառաջանալ դէպի Ճեզիրէ: Քիւրտիստանի բանուրական կուսակցութեան մարտական ղեկավար Մուրատ Քարայըլան ընդհանուր զօրակոչ յայտարարած է եւ քիւրտերէն պահանջած Այն Արապ ուղղուիլ՝ զայն պաշտպանելու համար: Ահմետ կը նշէ, որ Թուրքիայէն տասնեակներով քիւրտեր հասած են շրջան, սակայն Իրաքի քիւրտերը Այն Արապը փրկելու համար զինեալներ չեն ուղարկած:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.