Հոլանտա հազարական եուրօ պիտի տրամադրէ հայ ապօրինի գաղթականներուն


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հոլանտան Հայաստանին պիտի տրամադրէ դրամաշնորհային աջակցութիւն՝ ապօրինի գաղթականներ իր քաղաքացիները վերահամարկելու նպատակով: Յուլիս 10ին կայացած նիստին ընթացքին այս առնչութեամբ որոշում տուաւ Հայաստանի կառավարութիւնը։

Հայաստանի կառավարութեան առընթեր գաղթականութեան պետական ծառայութեան ղեկավար Գագիկ Եգանեան լրագրողներուն տեղեկացուց, որ օգնութեան համար կրնան դիմել անոնք, որոնք վերջին կէս տարուան ընթացքին հարկադրաբար լքած են Հոլանտան, ինչպէս նաեւ անոնք, որոնք կ՛ուզեն վերադառնալ: Ծրագիրի առաջին հանգրուանը (2014-15 թուականներ) նախատեսուած է 100 հոգիի համար: Աջակցութիւն պիտի ստանան մինչեւ այս տարեվերջ դիմողները: Գումարը նախատեսուած է Հայաստանի մէջ վերահամարկման ծախսերուն համար՝ աշխատանքի ապահովում, վերապատրաստման կամ մասնագիտական դասընթացքներ, ժամանակաւոր կացարաններու մէջ տեղաւորում եւ այլն:

«Յատուկ դէպքերում, հոլանդացի մեր գործընկերների հետ համաձայնեցմամբ, մենք ֆինանսաւորում ենք խնդրելու ժամկէտը լրանալուց յետոյ՝ 2015 թուականին դիմած անձանց համար: Բայց ընդհանուր առմամբ, կարծում եմ, ծրագիրը հիմնական կը դառնայ», ըսաւ Եգանեան: Ան աւելցուց, որ չէ բացառուած նոյնանման համաձայնութիւններ գոյացնել նաեւ Եւրամիութեան այլ երկիրներու հետ, սակայն ներկայիս նման բան չկայ։

Յիշեցնենք, որ ապօրինի ներգաղթեալներու վերընդունման մասին Հայաստանի եւ Եւրամիութեան միջեւ պայմանագիրը ստորագրուած է 2013 թուականի Ապրիլին, սակայն ցարդ անոնց զանգուածային արտաքսում չէ կատարուած:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.