Հայաստանի Մէջ Երիտասարդութեան Անգործութեան Մակարդակը 40 Տոկոս Է


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– ՄԱԿի տուեալներով՝ Հայաստանի մէջ 15-24 տարեկան երիտասարդներուն մէջ անգործութիւնը կը գերազանցէ 40 տոկոսը: 11 Յուլիսին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայաստանի մէջ ՄԱԿի Բնակչութեան հիմնադրամի ներկայացուցիչ Գարիկ Հայրապետեան: Միեւնոյն ժամանակ, համաձայն պաշտօնական տուեալներու, աշխատանք չունին 18-30 տարեկան երիտասարդներուն 18.7 տոկոսը, եւ 20-24 տարեկաններուն 23.4 տոկոսը: Յատկանշական է, որ երկրին մէջ անգործութեան միջին մակարդակը կը կազմէ 15.4 տոկոս:
Հայրապետեան նաեւ նշած է, որ մինչեւ 24 տարեկան երիտասարդներուն շարքերուն մէջ աղքատութիւնը կը կազմէ 34 տոկոս, ինչ որ կը գերազանցէ միջին ցուցանիշը՝ 32.4 տոկոսը:
Բացի ատկէ, Հայաստանի երիտասարդներու ազգային զեկոյցին համաձայն՝ հանրապետութեան երիտասարդութեան 83.5 տոկոսը կարելիութիւն ունենալու պարագային ժամանակաւոր բնակութեան համար կը մեկնի արտերկիր, իսկ 36.8 տոկոսը՝ մնայուն կերպով դուրսը կը հաստատուի:
Յիշեցնենք, որ ներկայիս, մինչեւ 24 տարեկան երիտասարդներուն թիւը 500 հազար է, այսինքն՝ երկրի բնակչութեան մօտ 16.5 տոկոսը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.