Արցախի մէջ աճած է ծնունդներու թիւը

\n

\n

Ընթացիկ տարուայ Յունուար-Յունիս ամիսներուն Արցախի մէջ ծնած է 1202 երեխայ, որը նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ` աճած է 36 ծնունդով կամ 3,1 տոկոսով։

\n

ԼՂՀ ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներով ծնունդներու աճ արձանագրուած է յատկապէս Ստեփանակերտի և Քաշաթաղի մէջ։

\n

Նշուած ժամանակաշրջանին Արցախի մէջ մահացածներու թիւը կազմած է 690 քաղաքացի, որ 2013-ի Յունուար-Յունիսի համեմատ` նուազած է 47-ով կամ 6,4 տոկոսով։

\n

Բնակչութեան բնական աճը ընթացիկ տարուան առաջին կիսամեակին կազմած է 512 մարդ, որ 2013-ի առաջին վեց ամիսներուն համեմատ` աւելցած է 19,3 տոկոսով կամ 83 մարդով։

\n

ԼՂՀ ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներով նշուած ժամանակշրջանին Արցախի մէջ գրանցուած է 544 ամուսնութիւն՝ նախորդ տարուան Յունուար-Յունիս ամիսներուն համեմատ աճելով 138-ով կամ 34 տոկոսով, իսկ ամուսնալուծութիւնները՝ 104՝ նախորդ տարուան 90-ի փոխարէն։

\n

Լուսանկարը՝ Արցախցի մայրը նորածինին հետ։ Լուսանկարը՝ Անասթազիա Թէյլըր Լինտի։

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.