Ատրպէյճանական բանակի օդուժի զինուորներ Թուրքիոյ մէջ կը մարզուին


Թրքական բանակի պաշտօնական կայքէջին վրայ Յունիս 24-ին տեղադրուած է հաղորդագրութիւն մը, ուր կը նշուի, որ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու՝ յատուկ նշանակութեան  ուժերու ( special forces) 25 զինուորականներ թրքականbanaki  հրահանգիչներու եւ մարզիչներու օգնութեամբ անկարգելով թռիչքներու 6 շաբթուան մարզումներ կատարած են Թուրքիոյ մէջ։

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ թռիչքներու ընթացքին ատրպէյճանցի զինուորները մարզուած են հակառակորդին թիկունքէն հարուածելու։

Վերոնշեալ հաղորդագրութեան վրայ հիմնուելով,  ատրպէյճանական շարք մը լրատուամիջոցներ շտապած են յայտնելու, թէ ատրպէյճանական բանակին մէջ Թուրքիոյ աջակցութեամբ կը ստեղծուի օդային մասնայատուկ ուժերու գունդ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.