Ծերակոյտի Յատկացումներու Յանձնախումբը Արցախին Օժանդակելու Ի Նպաստ Քուէարկեց


ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Հինգշաբթի, Յունիս 19ին, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Յատկացումներու յանձնախումբը 25 կողմ եւ 5 դէմ քուէներու մեծամասնութեամբ հաւանութիւն տուած է 2015ի ամավարկի (FY15) արտասահմանեան օգնութեանց, որոնց մէջ դարձեալ կը հաստատուի Լեռնային Ղարաբաղին ամերիկեան օգնութիւն ցուցաբերելու երկարամեայ ծրագիրը:
Յանձնախումբը առաջարկած է օգնել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի զոհերուն՝ նախորդ տարիներու համապատասխան չափով, միաժամանակ՝ հիմնախնդիրին խաղաղ կարգաւորման կոչ ընելով: Արցախի տրամադրուելիք գումարը ցարդ չէ որոշուած:
Լեռնային Ղարաբաղը Եւրոպայի եւ Հարաւային ու Կեդրոնական Ասիոյ տարածաշրջանէն օգնութիւն ստացող 7 երկիրներէն մէկն է, որ յատկապէս յիշատակուած է քննարկման ժամանակ:
Ծերակուտականները հաւանութիւն տուած են Հայաստանին տրամադրուելիք օգնութեան այն գումարին, զոր առաջարկած էր նախագահ Պարաք Օպաման (20.7 միլիոն տոլար՝ Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման, 1.7 միլիոն տոլար՝ իբրեւ ռազմական օգնութիւն եւ 600,000 տոլար՝ հայ զինուորներու մարզումին համար): Օպամա նաեւ առաջարկած էր պահպանել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ցուցաբերուած ամերիկեան ռազմական օգնութեան հաւասարութիւնը:
Ծերակուտականներուն առջեւ ելոյթի մը ընթացքին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչ Քէյթ Նահապետեան ընդգծած էր, որ Արցախին պէտք է առնուազն 5 միլիոն տոլար օժանդակութիւն տրամադրուի, իսկ Հայաստանին՝ 40 միլիոն տոլար: Ան աւելցուցած էր, թէ առեւտուրը եւ ներդրումները պէտք է աճին՝ Հայաստանին տրամադրուող տնտեսական օգնութեան կողքին: Ան շեշտած էր նաեւ, թէ Վրաստանի տրամադրուող օժանդակութեան առնուազն 10 տոկոսը պէտք է տրամադրուի æաւախքի հայութեան:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.