Քեսապի ճակատին վրայ սուրիական բանակը իր վերահսկողութեան տակ առաւ Երկու Աղբիւր գիւղը


Լիբանանեան Ալ Մայատին եւ Ալ Մանար հեռատեսիլի կայանները կը հաղորդեն, որ Յունիս 14¬֊ին, սուրիական բանակի ուժերը կարեւոր յառաջխաղացք արձանագրած են Քեսապի Երկու Աղբիւր (Էքիզօլուք, Ալ Նապաէյն) եւ Գարատուրան (Սամրա) բնակավայրերու ուղղութեամբ։

Ըստ Ալ Մանարի, Երկու Աղբիւրի շրջակայ բոլոր բարձունքները, Յունիս 14-֊ի երեկոյեան դրութեամբ կը գտնուին սուրիական բանակի հսկողութեան տակ։ Ըստ նոյն աղբիւրներին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները մեծ թիւով զոհեր տալով նահանջած են։

Լուրը հաստատեց նաեւ պետական Սանա լրատուական գործակալութիւնը, յայտնելով, թէ Երկու Աղբիւրը եւ անոր մերձակայ բարձունքները կը գտնուին բանակի հակակշռին տակ։

Երկու Աղբիւրը, իր բարձր դիրքով, իր դիմաց կը փռէ Քեսապի ամբողջ արեւելեան հորիզոնը որ իր մէջ կ’ընդգրկէ Քեսապի Տուզաղաճ ու Քէօրքունէ գիւղերը:




Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.