Ֆրանսիս Պապը Լեւոն Վրդ. Զէքիեանը Նշանակեց Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ Արքեպիսկոպոսական Թեմի Առաքելական Կառավարիչ

\n

21 Մայիսին, Ֆրանսիս պապը Լեւոն Պօղոս վրդ. Զէքիեանը նշանակեց Պոլսոյ Հայ կաթողիկէ արքեպիսկոպոսական թեմի առաքելական կառավարիչ, անոր շնորհելով արքեպիսկոպոսի տիտղոսն ու աստիճանը

\n

 Յայտնենք, որ վերոյիշեալ թեմի օգնական եպիսկոպոսը՝ գերապայծառ Գէորգ Խազումեան ներկայացուցած էր իր հրաժարականը եւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս-պատրիարքը, եպիսկոպոսներու մնայուն սիւնհոդոսի հաւանութեամբ, ընդունած էր հրաժարականը, տեղեակ պահելով Սուրբ աթոռը:

\n

Լեւոն արք. Զէքիեան ծնած է Պոլիս, 21 Հոկտեմբեր 1943ին: 12 տարեկանին կը մտնէ Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան դպրեվանքը: 1964ին կը կատարէ իր կրօնաւորական ուխտերը եւ 21 Մայիս 1967ին կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի:1993ին կը դառնայ Վենետիկի պատրիարքութեան թեմի անդամ:

\n

Գերապայծառ Զէքիեան իր առաքելական ծառայութիւնը մատուցած է Վենետիկի հայութեան, յատուկ կերպով նուիրուելով համամիութենական ասպարէզին, յատկապէս Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հետ կապեր մշակելով:

\n

Ան երկար տարիներ եղած է Վենետիկի Քա Ֆոսքար համալսարանի հայ լեզուի եւ մշակոյթի դասախօս: Ան եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութեան ակադեմիոյ դասախօս, ինչպէս նաեւ Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի խորհրդատու:

\n


\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.