Հռոմի Պապի ձեռամբ՝ Արքութեան տիտղոս Հայր Լեւոն Զեքիեանի

\n

Մխիթարեան Միաբանութեան վարդապետներէն Հայր Լեւոն վարդապետ Զէքիեան, Հռոմի Պապի կողմէ ձեռնադրուեցաւ Արքեպիսկոպոս:

\n

Պաշտօնական լուրը կը հրատարակուի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի դիւանի կողմէ, որ կը յայտնէ, թէ Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապը գերյարգելի հայր Լեւոն Պօղոս ծայրագոյն վարդապետ Զեքիեանը անուանեց որպէս Առաքելական Կառավարիչ seda plena Պոլսոյ արքեպիսկոպոսական Աթոռին՝ անոր շնորհելով արքեպիսկոպոսական աստիճանը: 

\n

Նորանշանակ արքեպիսկոպոսը պիտի ըլլայ տիտղոսաւոր Ամիտայի հայոց: Պաշտօնական անուանումը կարելի է կարդալ իտալերէնով Վատիկանի պաշտօնական կայքէջին մէջ։

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.