Մարզահամերգային Համալիրը Աճուրդի Հանուած է
974
0
Կարէն Տեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրը Մայիս 19-էն 19.35 միլիառ դրամ (շուրջ 48 միլիոն տոլար) նախնական արժէքով հանուած է աճուրդի, որովհետեւ ան գրաւի առարկայ է։ Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ ԱՆ Դատական ակտերու հարկադիր ծառայութեան կայքը։
Աղբիւրի համաձայն Կեդրոն համայնքի Ծիծեռնակաբերդի զբօսայգիի մէջ գտնուող մարզահամալիրի (մարզամշակութային կեդրոն) եօթ յարկանի շինութիւնը՝ 46335.7քմ ընդհանուր մակերեսով, օժանդակ շինութիւններով՝ 50քմ եւ 40քմ, ջրաւազաններ, աստիճան՝ 2800քմ, հասարակական կառուցապատման հողամասով՝ 95595.87քմ, հանուած է աճուրդի։ Ժամկէտը կը լրանայ Մայիս 29-ին: