Տէր Զօրի Մէջ Նահատակուեցաւ Հալէպահայ Անդրանիկ Քահքէճեանը


ՀԱԼԷՊ.- Անցեալ Ուրբաթ, 16 Մայիսին, Տէր Զօրի մէջ ռազմական գործողութիւններու ընթացքին նահատակուած է սուրիական բանակի զինուոր 1991ի ծնունդ Անդրանիկ (Անդօ) Քահքէճեանը: Անդոն ՀՄԸՄական էր:

Հալէպի Լրատուական գրասենեակը կը յայտնէ, որ 18 Մայիս 2014ին, Նոր Գիւղի մէջ ինկած հրթիռին պատճառով քանդուած շէնքի փլատակներու տակէն գտնուած էւ Յարութ Մարգէեանի (1958ի ծնունդ) անշնչացած մարմինը:

Լրատուական գրասենեակը նաեւ կը յայտնէ, որ 18 Մայիս 2014ին, ժամը 18:30ին, Նոր Գիւղի մէջ ինկած կազի շիշէ պատրաստուած հրթիռին պատճառով հինգ հոգի վիրաւորուած են: Վիրաւորներն են՝ Ալիս Պոյաճեան, Հայկանոյշ Միրզոյեան, Դալար Միրզոյեան, Նուարդ Մարգէեան եւ Անդրանիկ Մալաքեան:

Վիրաւորները փոխադրուած են հիւանդանոց:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.